«Քալչիօ» Եուվենթուս Չկրցաւ Յաղթել Սասուոլոյի

Ֆրանչեսքօ Թոթթի

Ֆրանչեսքօ Թոթթի

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 7-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող ախոյեան Եուվենթուս չկրցաւ յաղթական վերադառնալ Սասուոլոյի դաշտէն (18-րդ), ուր 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց: Եուվէ մրցումը աւարտեց տասը մարզիկով, երբ մրցումին վերջին վայրկեանին Սիմոնէ Փատոն կարմիր քարտ մը ստացաւ:

2-րդ դիրքին վրայ գտնուող Ա. Էս. Ռոմա, օգտուելով Եուվէի արձանագրած այս հաւասարութենէն եւ 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Քիեւօ Վերոնային, յաջողեցաւ կէտերու տարբերութիւնը նուազեցնել մէկ կէտի: Ա. Էս. Ռոմայի 3-րդ կոլը փենալթիով նշանակեց Ֆրանչեսքօ Թոթթի (33-րդ):

 

Ա. Էս. Ռոմա – Քիեւօ Վերոնա 3-0
Սասուոլօ – Եուվենթուս 1-1
Ֆիորենթինա – Լացիօ Ռոմա 0-2
Աթալանթա – Փարմա 1-0
Քալիարի – Սամտորիա 2-2
Հելաս Վերոնա – Ա. Սէ. Միլան 1-3
Փալերմօ – Սեսենա 2-1
Թորինօ – Ուտինեզէ 1-0
Ինթեր Միլան – Նափոլի 2-2
ԱՅՍՕՐ              ԺԱՄ
Ճենովա – Էմփոլի 21:45
Share this Article
CATEGORIES