Փլաթինի. «Պլեթըր Այլեւս Ֆիֆա-Ի Նախագահը Չէ, Ան Ինքնին ՖԻՖԱ Է»

1019_platini-blatter«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահ Միշել Փլաթինի դարձեալ քննադատեց ՖԻՖԱ-ի նախագահ Սեփ Պլեթըրի աշխատանքը, ֆրանսացիին կարծիքով, Պլեթըր կը շահագործէ իր պաշտօնը եւ այլեւս չի ծառայեր ֆութպոլին, այլ ամէն ինչ կ՛ենթարկէ իր շահերուն:

«Պլեթըր այլեւս ՖԻՖԱ-ի նախագահը չէ, ան ինքնին «ՖԻՖԱ» է: Մենք` բոլորս, պէտք է ֆութպոլի շահին մասին մտածենք: Պէտք չէ ֆութպոլը օգտագործենք, այլ` պէտք է ծառայենք անոր: Ես կը զղջամ մէկ բանի համար, որ անունս չառաջադրեցի ՖԻՖԱ-ի նախագահի պաշտօնին համար եւ իր դէմ պիտի չպայքարիմ այդ առնչութեամբ», ըսած է Փլաթինի` «լ՛Էքիփ»-ին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ, կը յայտնէ ArmSport.am:

Share this Article
CATEGORIES