«Պունտըսլիկա». Պայէրն Միւնիխ Յաղթեց, Մինչ Պորուսիա Տորթմունտ Դարձեալ Պարտուեցաւ

Պայէրն Միւնիխի յաղթական մարզիկները

Պայէրն Միւնիխի յաղթական մարզիկները

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ախոյեան եւ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պայէրն Միւնիխ շարունակելով իր յառաջխաղացքը, 6-0 արդիւնքով ջախջախեց իր հիւրը` վերջին դիրքին վրայ գտնուող Վերտըր Պրեմընը:

Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Ֆիլիփ Լահմ (20-րդ եւ 79-րդ), Զապի Ալոնսօ (27-րդ), Թոմաս Մէօլըր (43-րդ` փենալթիով) եւ Մարիօ Կէօթցէ (45-րդ եւ 86-րդ):

Շարունակելով իր ձախող ելոյթներուն շարքը` Պորուսիա Տորթմունտ այս անգամ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Քէօլնէն:

Այս մրցումին Տորթմունտի հետ դաշտ ներկայացաւ Հենրիխ Մխիթարեան, որ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով երկար ժամանակէ ի վեր հեռու էր ֆութպոլի դաշտերէն:

Ստորեւ` մրցումներուն արդիւնքները.

Պայէրն Միւնիխ – Վերտըր Պրեմըն 6-0
Քէօլն – Պորուսիա Տորթմունտ 2-1
Ֆրայպուրկ – Վոլֆսպուրկ 1-2
Հանովըր-96 – Մէօնշընկլատպախ 0-3
Մայնց-05 – Օկզպուրկ 2-1
Շթութկարթ – Պայէր Լեւերքուզըն 3-3
Շալքէ – Հերթա Պերլին 2-0
Համպուրկ – Հոֆընհայմ 1-1
Փետերպոռն – Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ 3-1
Share this Article
CATEGORIES