Եւրոպայի 17 Տարեկանէն Վար 2015-ի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Հաւաքականը Զրկուեցաւ Յաջորդ Հանգրուանին Անցնելէ
Նախորդ շաբաթավերջին Մոլտովայի մէջ տեղի ունեցան Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար 2015-ի ախոյեանութեան զտումի մրցումները` Գ. խմբակին մէջ:
Հայաստան յաջորդաբար երկրորդ մրցումն ըլլալով պարտութիւն մը կրեց` այս անգամ Իսլանտայէն` 2-0 արդիւնքով:
Թէեւ Հայաստան մրցում մը եւս ունի կատարելիք, սակայն Արամ Դանիէլեանի կազմը զրկուեցաւ յաջորդ հանգրուանին տոմս մը ապահովելէ` նկատի ունենալով, որ Իտալիա 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Մոլտովայի, ունեցաւ 6 կէտ, մինչ Իսլանտա ունի 4 կէտ:
Վերջին հանգրուանին Հայաստանի հաւաքականը այսօր կը մրցի Մոլտովայի դէմ:
CATEGORIES Մարզական

