Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Եթէ հրաւիրուած էք ընկերային հանդիսութեան մը, անպայման հաստատեցէք ձեր ներկայութիւնը: Այսպիսով նոր եւ հաճելի բարեկամութիւն պիտի ունենաք: Օրը լաւ է:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Մի կարծէք, թէ ուրիշներ ձեզմէ աւելի կարելիութիւններ ունին յառաջդիմելու: Գոհացէք ձեր ունեցածով եւ մի՛ նախանձիք ուրիշներու ունեցածին:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Թատերական կամ արուեստի այլ մարզի հրաւէր մը պիտի ստանաք: Ուրախութեամբ ներկայ եղէք: Կրնաք զարգացնել արուեստի վերաբերեալ ձեր տաղանդը:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Հակառակ սեռի անձի մը հետ գլուխ գլխի հանդիպում մը կրնաք ունենալ, որ պիտի վերածուի մնայուն եւ սիրալիր կապի: Հաճոյակատար եղէք առանց կեղծիքի:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ունիք թաքուն յատկանիշներ, զորս պիտի արտայայտէք երբ կարողացած էք ազդել ձեր շուրջիններուն, մանաւանդ երբ անոնք արուեստագէտներ են:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր յաջողութիւնը պիտի զարմացնէ ձեր շուրջինները, ծնողք ըլլան թէ բարեկամներ: Պիտի լսէք անոնց գնահատանքի խօսքերը: Օրը ուրախ է:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ դիտողութիւններ ունիք ոեւէ մէկուն, ըսէք յարգանքով եւ անկեղծ անձի տրամադրութեամբ, որպէսզի օգտակար ըլլաք այդ անձին:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Միացէք բարեկամներու կամ ձեր հարազատներուն, ուրախ տարեդարձի հանդիպումի մը մասնակցելու: Փունջ մը ծաղիկը բաւարար է ձեր սէրը արտայայտելու:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Կեղծ գնահատանքները` շրթունքի ծայրով արտասանուած, հաճելի չի թուիր լսողին: Ձեր դատումները թող ըլլան անկեղծ եւ բարեկիրթ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ոեւէ անձէ աւելի դուք ձեզ կը ճանչնաք, հետեւաբար կարիք չունիք հիմնուելու այլոց բանաձեւած գնահատանքին վրայ: Իրապաշտ եղէք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ժամադրութիւն մը պիտի յետաձգուի որոշ պատճառով: Նոր օր մը ճշդեցէք: Այս առիթով կրնաք յաւելեալ  գիտելիք ունենալ: Օրը յաջող է:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Դրամական ապահով գանձում մը պիտի կատարէք, իրողութիւն մը, զոր նկատի չէք առած: Ասոր կ՛ըսեն «Դուն քուն, բախտդ արթուն»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES