50 Տարի Առաջ (21 Հոկտեմբեր 1964)
Պաշտօնական Բացում Հայ Կրթական
Հիմնարկութեան
Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի
Ի գիտութիւն մեր սիրելի ժողովրդեան` այսու կը ծանուցանենք, թէ Պուրճ Համուտի մէջ կառուցուած Հայ կրթական հիմնարկութեան Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Ազգային քոլեճի պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ կիրակի, 25 հոկտեմբեր 1964, կէսօրէ առաջ:
Սոյն հանդիսութիւնը իրենց ներկայութեամբ պիտի պատուեն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետ` Խորէն Ա. կաթողիկոս, եւ Լիբանանի կրթական նախարար նորին վսեմութիւն Շէյխ Էտմոն Կասբար, ինչպէս նաեւ Հայ կրթական հիմնարկութեան նախագահը` Յովսէփ Փիրումեան եւ իրեն ընկերացող ազգայիններ:
Այս առթիւ տեղի պիտի ունենայ հանդիսաւոր Ս. պատարագ, Նոր Մարաշի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ուր պիտի կարդացուի վեհափառ հայրապետի սրբատառ կոնդակը` ուղղուած Հայ կրթական հիմնարկութեան եւ բարերարուհիին:
Յաւարտ Ս. պատարագի` պիտի կատարուի նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն Լեւոն Յակոբեանի եւ ընտանիքի ննջեցեալներու հոգւոյն համար:
Ս. պատարագը պիտի մատուցանէ, քարոզէ եւ Կոնդակի ընթերցումը պիտի կատարէ Թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Տաճատ Ս. արքեպիսկոպոս:
Ժամանակացոյց
| Սկիզբ ժամերգութեան | 6:30 |
| Ս. Պատարագ 8:30 | 8:30 |
| Քարոզ եւ Կոնդակի ընթերցում | 10:00 |
| Հոգեհանգիստ` | 10:30 |
| Բացում վարժարանիս` | 11:00 |
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
Առաջնորդ Սրբազանը Եւ Կրթական
Հիմնարկութեան Վարիչները
Խմբագրատանս Մէջ
Լիբանանի հայոց առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան` ընկերակցութեամբ Քալիֆորնիոյ Հայ կրթական հիմնարկութեան նախագահ Յովսէփ Փիրումեանի եւ քարտուղար Բիւզանդ Կռանեանի, երէկ այցելեց խմբագրատուն:
Հիմնարկութեան վարիչները, որոնք Պէյրութ եկած են` յառաջիկայ կիրակի, 25 հոկտեմբեր, ներկայ գտնուելու համար Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան ազգային քոլեճի բացման հանդիսութեան, աւելի քան կէս ժամ տեւող սիրալիր խօսակցութեան մը ընթացքին, տեղեկութիւններ տուին իրենց կրթանուէր գործունէութեան եւ ընդհանրապէս ամերիկահայ կեանքի մասին:
Մարզական
ՀՄԸՄ-ի Եղանակի Բացման Մրցումները
Երիտասարդական հոծ բազմութեան մը ներկայութեան տեղի ունեցան ՀՄԸՄ-ի մարզական եղանակի բացման մրցումները, կիրակի 18 հոկտեմբերին:
Ֆութպոլ.- Կէսօրէ ետք ժամը 1-էն սկսեալ տեղի ունեցան ֆութպոլի մրցումներ Մազրաայի դաշտին վրայ: Պուրճ Համուտի խումբը մրցեցաւ Մազրաայի երկրորդ խումբին դէմ, որմէ վերջ դաշտ իջան ՀՄԸՄ-ի եւ Մազրայի առաջին խումբերը: ՀՄԸՄ-ի շարքերուն մէջ կը տեսնուէին բազմաթիւ նորեկներ, որոնք իրենց առաջին մրցումը կը կատարէին ՀՄԸՄ-ի խումբին մէջ: Մրցումի առաջին վայրկեանէն իսկ, ՀՄԸՄ-ի տղաքը անցան յարձակողականի եւ անխնայ սկսան հարուածել հակառակորդին բերդը: ՀՄԸՄ-ի տղոց աշխուժ եւ ներդաշնակ խաղը չուշացաւ իր արդիւնքը տալ եւ, խաղի հինգերորդ վայրկեանին, Լեւոն աջէն ստացած մէկ գնդակը մեծ ճարպիկութեամբ տեղաւորեց հակառակորդի բերդին մէջ: ՀՄԸՄ-ի նշանակած առաջին այս կէտը խթան մը եղաւ Մազրաայի համար, որ անմիջապէս ձեռնարկեց զօրաւոր հակայարձակողականի` նեղը դնելով ՀՄԸՄ-ի յետսապահները: Շատ չանցած, իրաւարարը փենալթի մը սուլեց ի նպաստ Մազրաայի: Եղիշէ, ՀՄԸՄ-ի բերդապահը, յաջողեցաւ քաշուած գնդակը զսպել եւ ապա դուրս հանել: Մինչեւ կիսախաղ, երկու խումբերն ալ ցոյց տուին գեղեցիկ, բայց հաւասար խաղարկութիւն մը:
Երկրորդ կիսախաղին ՀՄԸՄ-ի տիրապետութիւնը զգալի եղաւ: Աւելի արագ քան իրենց մրցակիցները, ՀՄԸՄ-ի տղաքը կատարեցին յաջորդական գրոհներ, միշտ վտանգելով հակառակորդին բերդը եւ տասներորդ վայրկեանին, Աշոտ, աջէն քաշուած զօրաւոր հարուածով մը գնդակը տեղաւորեց հակառակորդի բերդին մէջ: Խաղը շարունակուեցաւ աւելի արագ եւ հակառակ Մազրաայի խաղացողներու ցոյց տուած կորովին ու անպայման կէտ մը նշանակելու ջանքերուն, խաղը վերջացաւ ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով` 2-0:
Պասքեթ.- Երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ՀՄԸՄ-ի դաշտին վրայ տեղի ունեցան պասքեթի մրցումներ: Նախ մրցեցան ՀՄԸՄ-ի աղջիկները Էօ. Էն. Պէ.ի աղջիկներուն դէմ եւ առանց մեծ դժուարութեան, տարին յաղթանակը` 58-34-ով: Տղոց մրցումը, ՀՄԸՄ-ի եւ Էօ. Էն. Պէ.ի միջեւ, եղաւ ծայրէ ծայր հետաքրքրական: Երկու խումբերը, որոնք ներկայ առաջին կարգի լաւագոյն խումբերն են, գրեթէ հաւասար ուժ մը ունին: Ամբողջ խաղի տեւողութեան, խումբերէն ոչ մէկը յաջողեցաւ երկու կէտէն աւելի ունենալ իր հակառակորդէն: Խաղի վերջաւորութեան 40 երկվայրկեան մնացած Էօ. Էն. Պէ. մէկ կէտով անցած էր ՀՄԸՄ-ի: ՀՄԸՄ-ի տղաքը գեղեցիկ առիթը ունեցան երկու կէտեր նշանակելու եւ յաղթանակը ապահովելու, բայց ներկայացած առիթը չկրցան օգտագործել եւ 53-52-ով պարտուած դուրս եկան դաշտէն:
Մարզիկներու Ի Պատիւ Հիւրասիրութիւն.-Պասքեթի մրցումէն վերջ, բոլոր մարզիկները հաւաքուեցան ակումբին սրահը եւ բոլորուեցան ընկերային յանձնախումբի պատրաստած ճոխ սեղաններուն շուրջ: Պէյրութի վարչութեան կազմակերպած այս հիւրասիրութեան ներկայ եղան մօտ 85 մարզիկներ, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութիւնը: Եղան երգեր, պարեր մինչեւ ժամը 11:00: «Յառաջ նահատակ»-ով վերջացաւ հաւաքոյթը եւ բոլորը մեկնեցան շատ գոհ տրամադրութեամբ:

