Իրանեան Պատկերասփիւռի Կայանին Լրագրողը` Թուրքիոյ Մէջ Կասկածելի Արկածի Մը Զոհ

Սերենա Շիմ

Սերենա Շիմ

Իրանեան «Փրես Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանի ծագումով ամերիկացի-լիբանանցի լրագրող Սերենա Շիմ զոհ դարձաւ ինքնաշարժի կասկածելի արկածի մը, որ պատահեցաւ Թուրքիա-Սուրիա սահմանին մօտ, ուր ան Արաբունարի բախումներուն մասին լրատուութիւն կը կատարէր:

Շիմը փոխադրող ինքնաշարժը Սրուճ քաղաքին մէջ գտնուող պանդոկը վերադարձած ատեն բախած է փոխադրակառքի մը, որուն վարորդին ինքնութիւնը անյայտ է: Շիմ անցեալ ուրբաթ իր պատկերասփիւռի կայանը տեղեակ պահած էր, որ թրքական գաղտնի սպասարկութիւնը` ՄԻԹ-ը Արաբունարի մէջ Թուրքիոյ կեցուածքներուն վերաբերեալ լրատուութիւն կատարելուն համար զինք լրտեսութեան յանցանքով ամբաստանած է` աւելցնելով, որ այն մտավախութիւնը ունի, որ զինք պիտի ձերբակալեն:

Շիմ նշած է, որ ինք եւ այլ լրագրողներ իրենց տեղեկութիւնները կը քաղեն զինեալներէ, որոնք Թուրքիոյ սահմանին ճամբով Սուրիա կը ներթափանցեն:

Share this Article
CATEGORIES