Մոսկուա Յոյս Կը Յայտնէ, Որ Մերձտնեսթր Զարգացնէ Յարաբերութիւնները Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Եւ Մաքսային Միութեան Հետ

1021_DnesterRia.ru կայքը կը գրէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, որ Մոսկուա յոյսով է, որ Մերձտնեսթր զարգացնէ յարաբերութիւնները Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Մաքսային միութեան հետ, իսկ Քիշնեւ ատոր չխոչընդոտէ:

«Ինչ կը վերաբերի Մերձտնեսթրի տնտեսական զարգացման հեռանկարներուն, Ռուսիոյ, Մաքսային միութեան, Եւրասիական տնտեսական միութեան հետ համագործակցութեան, որ կը ստեղծուի, մենք միայն կ՛ողջունենք: Եւ յոյսով ենք, որ մոլտովական իշխանութիւնները չեն ստեղծեր խոչընդոտներ Մերձտնեսթրի արտաքին տնտեսական ազատ կապերու համար», ըսած է ան:

Ըստ Լաւրովի, «հասկնալի է, որ ներկայիս իրավիճակով Մերձտնեսթրը չի կրնար մուտք գործել Մաքսային միութիւն, Եւրասիական տնտեսական միութիւն, սակայն Մերձտնեսթրը, 1997-ի յուշագիրին համաձայն, իրաւունք ունի ազատ արտաքին տնտեսական գործունէութիւն վարելու, ինչ որ կը նշանակէ` առանց խոչընդոտներու առեւտուր, ներդրումային կապեր Ռուսիոյ եւ Եւրոպայի հետ»:

 

Share this Article
CATEGORIES