Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը Գումարեց Ընթացիկ Շրջանի Իր Գ. Նիստը
Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի ընթացիկ շրջանի Գ. նիստը տեղի ունեցաւ երէկ` երկուշաբթի, 20 հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Ազգային երեսփոխաններուն, Ազգային վարչութեան անդամներուն, Կրօնական ժողովի անդամներուն, Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ գործող խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն, թաղական խորհուրդներու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ Ազգային վարժարաններու տնօրէններուն:
Ազգային երեսփոխանական ժողովի նախագահ Յակոբ Լատոյեան բացուած յայտարարեց ժողովը: Սրբազան հօր բացման աղօթքէն ետք տեղի ունեցաւ նախորդ Երեսփոխանական ժողովի ատենագրութեան քննարկում եւ վաւերացում: Այնուհետեւ փաուըր փոյնթով ներկայացուեցան Կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան երկամեայ աշխատանքային ծրագիրները, որոնց յաջորդեց լուսաբանական հարցումներու եւ առաջարկներու բաժին: Ապա կրկին փաուըր փոյնթով ներկայացուեցան Ազգային միացեալ վարժարանի շինարարական աշխատանքները. ներկայացման ընթացքին համալիրի շինարարական յանձնախումբի անդամ Վահան Գասարճեան բացատրութիւններ տուաւ ընդհանուր ծրագիրին եւ աշխատանքներուն մասին: Այնուհետեւ Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ դոկտ. Յակոբ Եագուպեան փաուըր փոյնթով ներկայացուց Ազգային վարժարաններու ուսումնական-կրթական վիճակը, որուն յաջորդեց առաջարկներու բաժին:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի համագաղութային ծրագիրներուն մասին զեկուցեց 100-ամեակի մարմինի ատենապետ, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Սեդա Խտըշեան:
Ժողովին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան գնահատեց Ազգային վարչութեան եւ խորհուրդներուն տարած աշխատանքը: Առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ Ազգային վարժարանի կառուցման ընթացքը ներկայիս կարեւորագոյն աշխատանքներէն մէկն է: «Կը հաւատանք, որ նոր սկիզբ է` հին փորձառութիւնը նոր հունի մէջ տեղադրելու հասկացողութեամբ», հաստատեց սրբազանը եւ պահպանիչով փակեց ժողովը:

