Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Նպաստաբաշխում` Լիբանան Ապաստանած Սուրիահայ Գաղթական Ընտանիքներու

1020_ojantagԵրէկ` երկուշաբթի, 20 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 9:30-էն սկսեալ, նախաձեռնութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Գերմանիոյ մարմինին համագործակցութեամբ միջազգային ՕՐԱ կազմակերպութեան տրամադրած նպաստներու բաշխումը 350 սուրիահայ գաղթական ընտանիքներու, որոնք ապաստանած են Լիբանան:

Ասիկա երրորդ անգամն է, որ ԼՕԽ-ի միջոցով նմանօրինակ օժանդակութիւն կը բաշխուի: Նպաստներու տրամադրման դասաւորումը տեղի ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Գերմանիոյ մարմինի ատենապետ Ժիլպեր Մոմճեանի միջոցով, որ անձամբ ներկայ գտնուեցաւ նպաստաբաշխումի աշխատանքին:

Զրուցելով «Ազդակ»-ի հետ, Ժիլպեր Մոմճեան նշեց, որ միջազգային ՕՐԱ կազմակերպութիւնը ասկէ առաջ փորձած էր մեծաքանակ մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնել ուղղակի Հալէպ, սակայն Հալէպի մուտքին այդ ամբողջ օժանդակութիւնը ինկած էր զինեալ խմբաւորումներու ձեռքը: Անկէ ետք, Մոմճեանի յանձնարարութեամբ, կազմակերպութիւնը աւելի նպատակայարմար գտած է, որ Լիբանանահայ օգնութեան խաչին միջոցով յանձնուի նպաստը` Լիբանան ապաստանած սուրիահայերուն:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամ Սիրուն Վարդապետեան իր կարգին ըսաւ, որ նպաստաբաշխումի այս ծրագիրին առաջարկը կատարուած էր նախկին Շրջանային վարչութեան օրով, եւ կ՛իրագործուի ներկայ Շրջանային վարչութեան պաշտօնավարման շրջանին: Լիբանանահայ օգնութեան խաչը Լիբանան ապաստանած սուրիահայերուն համար կը կազմակերպէ զանազան ծրագիրներ` սեմինարներ, դասախօսութիւններ, դասընթացքներ եւ այլն, իսկ այս անգամ ալ անոնց տրամադրուած օգնութիւնը արտայայտուեցաւ նպաստաբաշխումով: Սիրուն Վարդապետեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան` Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտը այս նպատակին տրամադրելուն համար:

Նպաստաբաշխումի աշխատանքին մէջ իր դերակատարութիւնը ունեցաւ Հայկական երեսփոխանական գրասենեակի անձնակազմը: Նպաստառուներու ցանկերը պատրաստուած էին Հայ համայնքի միջբարեսիրական հաստատութիւններու ժողովին մէջ ընդգրկուած բարեսիրական կազմակերպութեանց անուանացանկերուն հիման վրայ:

Նպաստաբաշխումը այսօր եւս կը շարունակուի` յաւելեալ 350 պարագաներու:

 

 

Share this Article
CATEGORIES