Սալիպա Եւ Հաննա` «Սքոր»-ի Այսօրուան Հիւրերը
Իւրաքանչիւր երեքշաբթի, «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը, իրիկուան ժամը 23:00-ին, կը ներկայացնէ մարզական յայտագիրը, զոր կը վարէ լրագրող Նեժիպ Քահի:
Անոր այսօրուան հիւրերը պիտի ըլլան Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Սամիր Սալիպա եւ ռելիներու յատուկ լրագրող Տանի Հաննա:
Սալիպա պիտի խօսի, նախորդ շաբաթավերջին «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի մէջ տեղի ունեցած Արեւմտեան Ասիոյ կրտսերներու թենիսի մրցաշարքին մասին, իսկ Հաննա` վերջերս Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցած ռելիին մասին:
CATEGORIES Մարզական

