Նոր Գիրք` Հայաստանի Պասքեթպոլի Մասին

1021_book-basketballԻր լուրը քաղելով Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնէն ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ լոյս տեսած է «Հայաստանի պասքեթպոլի պատմութիւնը» գիրքը, որուն հեղինակն է փորձառու մասնագէտ Եղիշէ Դաւթեան:

Գիրքին հեղինակը կը ներկայացնէ Հայաստանի պասքեթպոլի պատմութիւնը, ըստ տարիներու, սկսած 1920-էն մինչեւ հիմա:

Գիրքին մէջ տեղադրուած են Հայաստանի անուանի մարզիկներուն, պասքեթպոլի մարզաձեւի տարբեր մարզերուն մէջ աշխատող մարդոց մասին տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարուած է անոնց, որոնք խաղցած կամ աշխատած են այլ երկիրներու մէջ:

Գիրքը տպագրուած է Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին աջակցութեամբ:

Share this Article
CATEGORIES