Ճատրակ. Աշխարհի Կրտսերներու Ախոյեանութիւնը Աւարտեցաւ
Նախորդ շաբաթավերջին Փիւնէի մէջ (Հնդկաստան) աւարտեցաւ ճատրակի աշխարհի 2014-ի կրտսերներու ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան 13-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:
Հայաստանէն Կարէն Գրիգորեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ տղոց մրցաշարքին, 137 մասնակցողներուն մէջ 8 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ 17-րդ:
Տիտղոսին տիրացաւ Շանկլէյ Լիւ (10 կէտով):
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցումներուն, Մարիա Գէորգեան նոյնքան կէտ ապահովելով 78 մասնակցողներու մէջ հանդիսացաւ 11-րդ:
Տիտղոսին տիրացաւ Ալեքսանտրա Կորիաչքինա (11 կէտ):
CATEGORIES Մարզական

