Լիբանանի Փինկ Փոնկի Ֆետերասիոնի Ժողով
Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը տուաւ շարք մը որոշումներ:
Ֆետերասիոնը իր հաւանութիւնը տուաւ, որ Ռիատի Պէյրութ (տղաք) եւ Նատուա Քամաթիէ (աղջիկներ) իրենց մասնակցութիւնը բերին 24-30 նոյեմբերին Մարոքի մէջ տեղի ունենալիք Արաբական ակումբներու փինկ փոնկի 26-րդ ախոյեանութեան:
Որոշուեցաւ Անթուան Շուէյրիի յիշատակին նուիրուած 3-րդ մրցաշարքը կայացնել 31 հոկտեմբերէն 1 նոյեմբեր` Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ): Տղոց այս մրցաշարքին կրնան մասնակցիլ 40 եւ 50 տարեկանէն վեր վեթերաններ:
13-15 նոյեմբերին տեղի պիտի ունենայ տղոց եւ աղջկանց խումբերու մրցաշարքը, նուիրուած` Լիբանանի անկախութեան տօնին: Անոր առաջին հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ անհատական, իսկ երկրորդ հանգրուանը` խմբային դրութեամբ:
Վերջապէս, ֆետերասիոնը ընդունեց հիւսիսային Լիբանանի նահանգի յանձնախումբին հրաժարականը: Ֆետերասիոնի անդամ Ազզէտտին Հատտատի յանձնուեցաւ այդ ժամանակաւոր պաշտօնը, մինչեւ որ ֆետերասիոնը նոր ընտրութիւններու թուական մը ճշդէ:

