Ճատրակ. Լիբանանի Բ. Դասակարգի Խմբային Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Առանց Պարտութեան Ապահովեց Աւարտական Հանգրուանի Իր Տոմսը
Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցան Լիբանանի ճատրակի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող Ա. հանգրուանի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան աւարտական հանգրուան հասնող չորս խումբերը:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս արձանագրեց իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը եւ առանց պարտութիւն կրելու անցաւ յաջորդ հանգրուան` 5-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Արապիէի, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ»-ի մարզամշակութային համալիրին մէջ:
Ժիրօ եւ Ռազմիկ Օգնայեան եղբայրները, Գէորգ Կոստանեան, տոքթ. Գէորգ Թերզեան եւ Յովիկ Արամալեան յաղթանակ արձանագրեցին մինչ Էլի Յակոբեան պարտուեցաւ:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի հետ միասին աւարտական հանգրուան անցան Ահլի Սայտա, Անդրանիկ եւ Շաալէ Հիւսէյն:
Այս չորս խումբերէն երկուքը մրցումներ պիտի կատարեն իրարու դէմ եւ երկու խումբ պիտի բարձրանայ Ա. դասակարգ:
Նշենք, որ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնը յառաջիկային պիտի հրապարակէ մրցումներուն կայացման վայրը եւ թուականը:

