Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Պաշտօնի բարձրացում մը հաւանական է այս օրերուն: Ձեր գործունէութիւնը պիտի գնահատուի տնօրէնութեան կողմէ: Օրը յաջող է ուրախ էք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Բարեյաջող եւ ուրախ անակնկալներով լեցուն օր մը պիտի ունենաք, լաւատես եղէք, փորձեցէք ժխտականին մէջ նաեւ դրականը տեսնել, որպէսզի կարենաք յաղթահարել դժուարութիւնները:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր յոգնութիւնը փարատելու մէկ միջոց ունիք: Հանգիստ ըրէք, լաւ քնացէք, որպէսզի վերագտնէք աշխատունակութեան ձեր բնական կշռոյթը:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Օրը ունի ձեր նպատակը իրագործելու դիւրութիւններ: Առանց որեւէ կասկածի` շարունակեցէք ձեր աշխատանքները եւ իրագործեցէք ձեր ծրագիրը:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Երբեմն կը վհատիք ձեր որոշումը գործի վերածելու: Երկմտութիւնը թոյլատրելի չէ այս օրերուն: Ի՛նչ որոշում որ տուած էք, գործադրեցէք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Պիտի կարենաք իրագործել ձեր որոշածը` առանց ոեւէ մէկուն օգնութեան: Ինքնավստահ պիտի ըլլաք, պիտի հասնիք ձեր նպատակին: Պիտի շնորհաւորեն ձեզ` ձեր բարեկամները եւ գործակիցները:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ականջ տուէք խրատներու, որպէսզի անգիտակցաբար սխալ քայլ մը չառնէք: «Մարդ մարդու քահանայ, մարդ մարդու` սատանայ»: Լաւ գիտցէք այս խօսքը:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Խնամեցէք ձեր արտաքին տեսքը` հետեւելով օրուան ոճին եւ սովորութեան: Ո՛չ արտառոց ձեւեր ընտրեցէք, ո՛չ ալ յետամնացի տեսք ունեցէք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Աշնան հովերը քիչ մը տրտմութիւն կը ստեղծեն, բայց միտք բերէք, որ գարունը չ՛ուշանար: Շուտով մի՛ յուսալքուիք: Քաջասիրտ եղէք միշտ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր որոշումը թերեւս սխալ հետեւանք մը կ՛ունենայ, հետեւաբար առէք կարծիքը փորձառու անձերու: Տկարութիւն մի՛ նկատէք ուրիշին կարծիքը ունենալը: Սխալիլը մարդկային է, ջանացէք իրապաշտ ըլլալ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Երաժշտութիւնը համամարդկային արուեստ է: Ունիք շնորհներ` երաժշտական թէ գրական եւ այլ մարզի: Մէկ կողմ մի՛ մնաք, միացէք արուեստասէրներու:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Կրկնելը ճիշդ է, երբ սորվեցնելու պարտաւորութիւն ունիք, ուսուցիչ ըլլաք թէ մայր կամ դաստիարակ: Ձեզի յանձնուած երեխաներուն լաւ հոգ տարէք, որպէսզի առողջ միտք ու մարմին ունենան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES