50 Տարի Առաջ (22 Հոկտեմբեր 1964)
Տոմսեր
Մեր Ցաւերէն
Ցաւը, այս պարագային, ռնգային է:
Աղուոր քաղաք է մեր քաղաքը` Պէյրութ, Արեւելքի ոստանը, արեւավառ «Քոթ տ՛Ազիւր:
Ծովեզերեայ զբօսավայրերը կը խայտան խայտաբղէտ լոյսերու մէջ եւ ինքնաշարժներու անհատնում շարքը կ՛օղակէ մայրաքաղաքը: Օտարները կու գան, կը սքանչանան, կը մեկնին` տեսարժան վայրերու հմայքը տանելով իրենց յուշերուն մէջ:
Եթէ աչքերը կը գոհանան, կ՛ըլլան զուարթ, փայլուն ճամբաներուն վրայ, որոնք կը ձգուին Պէյրութէն մինչեւ Ժունիէ, նախագահական ապարանք, մինչեւ Մաամըլթէյն, Քազինօ տիւ Լիպան, մտածուա՞ծ է երբեք ռնգային զգայնութիւններու մասին…
Այդ մարդիկը անշուշտ որ անցած են նաեւ Պէյրութի գետին վրայէն…
Ի՞նչ են մտածած… եւ չեն գիտցած, թէ ուրկէ՛ կ՛անցնին. բաց են եղած ինքնաշարժին պատուհանները եւ ուրիշ ոչինչ:
Արեւավառ ոստան մը եւ գարշահոտութեանց կամուրջ մը…
Սքանչելի միջոց մը` զբօսաշրջիկները քաջալերելու…
Տեղական գոյն մը, ինքնատպութիւն. գետի եզերքին ձգուած հիւղաւաններու խեղճ բնակիչները` Լիբանանի աշխատաւոր ձեռքերը, համեստ քաղաքացիները, հայերը…
Հայերը, որոնք այս երկրին բարգաւաճման իրենց անսակարկ նպաստը բերած են, հայերը, որոնք ճահիճները վերածած են քաղաքի:
Վարձատրութիւն` տեսարժան գետի տեւող գարշահոտութիւնը…
ՄԱԿԱՐ
Ամերիկեան Տարօրինակութիւններ
Հրապուրիչ Եկեղեցի…
Սալամանքա, Նիւ Եորքի Առաջին Մեթոտական եկեղեցին ամէն կիրակի մինչեւ բերանը լեցուն կ՛ըլլայ, որովհետեւ երէց Շերման էփլըր քարոզ խօսելէ առաջ ամպիոնի վրայէն ձեռնածուական փորձեր կ՛ընէ:
Սոյն եկեղեցականը կրօնաւորութեան ասպարէզը մտնելէ առաջ ճարպիկ աճպարար մըն էր: Փոքրիկ տղաք շատ կ՛ախորժին անոր խաղերէն եւ կիրակի օրերը ոչ միայն եկեղեցի կ՛երթան, այլ իրենց ծնողներն ալ միասին կը տանին:
Հերպ Լէյք, Մանիթոպայի ժողովուրդին խնդրանքին վրայ երէց Հիւ Փերսի կիրակի օրերը երեկոյեան ժամերգութիւնը եօթնի տեղ ութին կը սկսի:
Ծիսակատարութեան ժամանակացոյցին փոփոխման պատճառը այն է, որ ժողովուրդը կ՛ուզէ ժամը եօթին ռատիոյի վրայ լսել որովայնախօս Չարլի Մաք Քարթիի հտպիտութիւնները:
Դերասաններու Եկեղեցին
Նիւ Եորքի մէջ կան 10,000 դերասաններ, ասոնց 3000-ը միայն կրնան գործ գտնել, միւսները կ՛ապրին խոր թշուառութեան մէջ:
Էվերեթ Վակներ անունով եկեղեցական մը կացութեան դարման գտնելու նպատակով 1928-ին հիմնած է դերասաններու եկեղեցին, որ միեւնոյն ատեն Նայնթի Նայն Սթիփս Քլըպ կը կոչուի Պրոտուէյէն 99 քայլ հեռու գտնուելուն համար:
Երէց Վակների տեսութիւնն է, որ եկեղեցին բաւարարելու չէ միայն մարդոց հոգեկան պէտքերը, այլ նաեւ` ֆիզիքական եւ ընկերային:
Այս նպատակով ան եկեղեցիին մէկ կողմին վրայ հաստատած է փոքրիկ բեմ մը, ուր անգործ դերասաններ կը ցուցադրեն իրենց տաղանդը, իսկ ուրիշ մէկ մասին մէջ ալ` խոհանոց մը, ուր փոխան 5 սէնթի կը մատակարարուի սենտուիչ եւ սուրճ: Չքաւոր դերասանները ձրի կերակուր ստանալու համար պարտաւոր են եկեղեցական արարողութեանց ներկայ գտնուիլ:
Եկեղեցիի շէնքին վրայ կան սենեակներ, ուր դերասաններ շաբաթական երեք տոլարի փոխարէն կը պառկին եւ միեւնոյն ատեն եկեղեցիի խոհանոցէն կ՛ուտեն:
Ամէն տարի ութ հազար դերասաններ ուղղակի օգնութիւն կը ստանան այս հաստատութենէն: