«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Պէյրութի Զարհուրելի Ռմբակոծումները Եւ Դժոխային «Սեւ» Կիրակին
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Լիբանան 1976-ի գարնան զարհուրանքի նոր շրջան մը կ՛ապրէր եւ կռիւները տարածուած էին երկրին բոլոր շրջաններուն մէջ: Քրիստոնէական գօտիին շուրջ պաղեստինեան եւ յառաջդիմական-ձախակողմեան ուժերուն օղակը հետզհետէ կը սեղմուէր: «Քրիստոնեայ երկրի մայրաքաղաք» Ժունիէ հրետանային ռմբակոծումներու թիրախ դարձած էր, մինչ Պէյրութի կեդրոնական գօտիին մէջ յառաջդիմականներ փաղանգաւորներէն նոր դիրքեր կը խլէին միջհամայնքային սահմանագիծին վրայ:
Պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժեր կ՛ամբաստանէին քրիստոնեաները, թէ` զէնքի ուժով կ՛ուզեն արդարացնել օտար զինուորական միջամտութիւն մը, մինչ քրիստոնեաներ իրենց ակնարկները ուղղած էին Դամասկոս, անել կացութենէն ելք մը գտնելու յոյսով:
Փաղանգաւորները զէնքի տակ առած էին իրենց պահեստի ուժերը եւ համակիր տարրերը: Կռուող միլիսներուն թիւը 1976 յունուարին հասած էր 15 հազարի, իսկ մայիսին շուրջ 34 հազար հոգի զէնքի տակ կանչուած էր: Անոնց կողքին կային գնդապետ Անթուան Պարաքաթի 3 հազար զինուորները: Հիւսիսի մէջ մարատաները, 2400 կռուողներով, որոնք կը գործէին Թոնի Ֆրենժիէի հրամանատարութեան տակ, կը պաշտպանէին Զղարթան եւ շրջակայ քրիստոնեայ գիւղերը: Մայրիներու պահակները, Էթիէն Սաքրի հրամանատարութեան տակ գործող 3 հազար կռուողներով եւ նոյնքան ալ կիսազինուորական ուժերով, կեդրոնացած էին Թաննուրինի, Աքուրայի, Լաքլուքի, Այուն Սիմանի, Պաթրունի, Քֆարշիմայի, Պաապտայի եւ Արեւելեան Պէյրութի մէջ: Ազատականները ունէին 3500 միլիս, որոնք կը գործէին Տանի Շամունի հրամանատարութեան տակ, իբրեւ կեդրոն ունենալով Սոտեքոն եւ Սաֆրան, եւ կարեւոր դիրքեր ունէին Այն Ռըմմանէի, Հատաթի, Պաապտայի եւ Հազմիէի մէջ: Մարուն Խուրիի (Պաշ Մարուն) երիտասարդականները, շուրջ հազար կռուողներով, կը պաշտպանէին Տըքուանէն եւ շրջակայքը: Իսկ Թանզիմ կազմակերպութիւնը, Ճորճ Ատուանի ղեկավարութեամբ, ունէր շուրջ 1500 կռուող, որոնք կեդրոնացած էին գլխաւորաբար Էշրեֆիէի եւ Տըքուանէի մէջ:
Քրիստոնեաներու հակակշիռին ենթակայ գօտին կ՛ընդգրկէր շուրջ երկու հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն, եւ երեք կողմէն օղակուած էր պաղեստինեան եւ յառաջդիմական գերազանց ուժերով:
Մայիսի կիսուն, շուրջ 15 հազար սուրիացի զինուորներ եւ անոնց դաշնակից պաղեստինցի Սահիքայի զինեալներ մտած էին Լիբանան, զինադուլ հաստատելու եւ զայն ամրապնդելու առաջադրանքով: Պէյրութի, Խալտէի, Թրիփոլիի եւ այլ շրջաններու մէջ բախումներ ծայր առին Սահիքայի ջոկատներուն եւ յառաջդիմական ուժերուն միջեւ: Ընկերվարական յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Քամալ Ժոմպլաթ պահանջեց սուրիական ուժերու հեռացումը Լիբանանէն: Ան հաստատեց, որ սուրիացիներուն միակ մտահոգութիւնն է սիրաշահիլ մարոնիներուն համակրանքը եւ ամրապնդուիլ Լիբանանի մէջ:
***
Շաբաթ, 15 մայիս 1976-ին, 45-րդ զինադուլին համար որոշուած ժամէն հազիւ երկու ժամ ետք կռիւները շարունակուեցան ու սաստկացան, իսկ երեկոյեան հրթիռարձակումը վերսկսաւ ամէն կողմ:
Ռումբերու տարափին տակ հիւանդանոցներ փոխադրուող վիրաւորներուն առջեւ դուռերը կը փակուէին, որովհետեւ տեղ չկար հիւանդանոցներուն մէջ, կամ դեղորայքի պակասը աւելի զգալի դարձած էր: Նոյնիսկ զէնքի ուժով կարգ մը բժիշկներ ու հիւանդապահուհիներ վար դրուեցան բժշկելու համար այս կամ այն վիրաւորը, որ ուրիշ վիրաւորէ աւելի «արժանի» էր փրկուելու:
Ռումբերու տարափին տակ գիշերը լուսցնող քաղաքացիները կիրակի, 16 մայիսի առտուան դէմ ունեցան քանի մը ժամուան հանդարտութիւն մը: Կէսօրին կացութիւնը ծանրացաւ եւ ակնթարթի մը մէջ երկինքը ծածկուեցաւ հրթիռներով եւ ռմբակոծումը ցնցեց նախ Պէյրութի արեւելեան շրջանները եւ ապա արեւմտեան թաղերը:
Մարդաբնակ թաղերը հարիւրաւոր հրթիռներ ստացան եւ քանի մը ժամուան ընթացքին 225 զոհեր ու 500 վիրաւորներ ինկան:
Ժտէյտէի մէջ առաջին ծանր հրթիռները ինկան եւ մէկ ժամուան մէջ քառասուն 132 եւ 155 հրթիռներ անշարժութեան մատնեցին շրջանը: Տորա, Ամանոս, Թրատ, Պաուշրիէ եւ Մար Եուսեֆ ռմբակոծուեցան եւ ստացան մօտ 140 հրթիռներ, որոնցմէ զատ կրատ եւ քաթիուշա հրթիռներ ինկան Մար Եուսեֆ հիւանդանոցին վրայ, ուր չորս հիւանդներ վիրաւորուեցան: Հրթիռներու տարափին տակ, բազմաթիւ հիւանդներ ու վիրաւորներ ուրիշ հիւանդանոցներ փոխադրուեցան:
Կէս ժամ ետք, Տորա-Անթիլիաս ճամբան ռմբակոծուեցաւ. նոյն պահուն Քարմ Զէյթունի եւ Սիուֆիի շրջանները նոյն ճակատագիրը ունեցան:
Երկու ժամ ետք սպասուած հակառմբակոծումը սկսաւ արեւմտեան թաղերուն մէջ: Առաջին հերթին Պարպիրի շրջանն է որ ռմբակոծուեցաւ. հոն ինկած հարիւրէ աւելի հրթիռներէն երեքը հարուածեցին Սալուա շարժապատկերի սրահը, ուր 38 անձեր զոհուեցան եւ 85 ուրիշներ վիրաւորուեցան:
Միւս կողմէ, Թէլ Զաաթար ռմբակոծուեցաւ Էշրեֆիէէն, Սին էլ Ֆիլէն եւ Մանսուրիէէն:
***
Կիրակի, 16 մայիսի ռմբակոծումներուն ընթացքին զոհուեցան եօթը հայեր եւ ինկան բազմաթիւ վիրաւորներ: Երեքշաբթի, 18 մայիս 1976-ի թիւով եւ «Հայութիւնը կը շարունակէ իր արեան տուրքը վճարել քաղաքացիական պատերազմին» խորագիրով լրատուութեամբ «Ազդակ» կը գրէր.
«Կիրակի կէսօրին հրթիռարձակումը, որ աւերներ գործեց թէ՛ արեւելեան եւ թէ՛ արեւմտեան շրջաններուն մէջ, անխնայ եղաւ բոլորին համար:
Անգամ մը եւս, Պուրճ Համուտի հայութիւնը զերծ չմնաց այս ծանր կացութենէն եւ հինգշաբթի, 22 ապրիլի «սեւ օրուան» նման, տուաւ իր արեան «տուրքը»:
Ամէն կողմ ինկող հրթիռներուն պատճառով, հայ մեռնողներուն թիւը երկու ժամուան ընթացքին հասաւ եօթի, իսկ վիրաւորները անհամար էին:
Ամանոսի շրջանը առաջին ռմբակոծումներու ընթացքին տուաւ երկու զոհեր` Սիմոն Սեմէրճեան (30 տարեկան) եւ Կարապետ Պաղտասարեան (40 տարեկան), մինչ Բենիամին Գապաճուզեան, Ժոզեֆ Փոլատեան, Կարապետ Տէմիրճեան, Բիւզանդ Գուզույեան եւ Նուրիձա Թուրսարգիսեան, վիրաւորուելով, զանազան հիւանդանոցներ փոխադրուեցան շրջանի ակումբին ընկերներուն եւ երիտասարդ պահակներու կողմէ, որոնք ռումբերու տարափին տակ, բոլոր վտանգները յանձն առած, նետուեցան ամէն թաղ` փրկելու համար իրենց վիրաւոր քոյրերու, եղբայրներու, պարագաներու եւ ընկերներու կեանքը:
Ռումբերու որոտումին տակ, պատասխանատու ընկերները ամէն ջանք թափեցին արագօրէն հիւանդանոց հասցնելու համար վիրաւորները, որոնք զիրենք փոխադրողներուն նման կը պայքարէին մահուան դէմ:
Թրատներու շրջանին մէջ, նոյն տեսարանը կը պարզուէր հայութեան համար: Ռումբերով վիրաւորուողներուն կամ մեռնողներուն զուգահեռ, արձակազէններու զոհեր եւս ինկան հոս եւ հոն: Գօգօ Թադէոսեան եւ Ժան Հաճէզեան վիրաւոր վիճակի մէջ հիւանդանոց փոխադրուեցան:
Թիրօ-Սանճաք շրջանին մէջ ծանր հրթիռ մը եկաւ հարուածելու անմեղ ընտանիքի մը անդամները, որոնք իրենց բնակարանին մէջ կը գտնուէին: Տիկին Անի Տօներեան եւ աղջիկը` Սալբի մահացան այս հրթիռին պատճառով, մինչ զաւակը` Րաֆֆի եւ տան մեծ մայրը Լուսաբեր Գույումճեան, վիրաւորուելով, հիւանդանոց փոխադրուեցան:
Միւս կողմէ, պէտք է յիշել նաեւ զանազան շրջաններու մէջ ինկած հրթիռներով եւ փամփուշտներով վիրաւորուածները. Սեպուհ Խարմանտարեան, Յակոբ Գարակէօզեան, Զաւէն Գարակէօզեան, Պերճ Աւետիսեան, Նազարէթ Մաճասեան եւ Մ. Մարգիսեան:
Թրատներու շրջանին մէջ եւս, 155 միլլիմեթրնոց հրթիռ մը խլեց նոր զոհ մը: Չորս գարուններ բոլորած աղջնակ մը` Նորա Ղարիպեան, երբ պատկերասփիւռի առջեւ նստած մանկական յայտագիր մը կը դիտէր, 155 միլլիմեթրնոց հրթիռ մը զարնուեցաւ մարմնին եւ չպայթեցաւ, բայց աղջնակը մահացաւ:
Օրուան ծանրագոյն արկածը պատահեցաւ Տորա-Անթիլիաս օթոսթրատին վրայ, ուր մահացան Գօգօ Չիֆչեան եւ Յարութիւն Պուլտուքեան:
Արդարեւ, Գօգոն, որ պետական երեսփոխան Սուրէն Խանամիրեանի վարորդն էր, ընտանեօք «Քասր» ճաշարանին առջեւ հասած էր թիւ 21 ինքնաշարժով, երբ զոհ գնաց հրթիռի մը, որ ինկաւ ինքնաշարժին ճիշդ քովը: Գօգոյին եւ Յարութիւնին մահը անմիջական եղաւ, մինչ ընտանիքին անդամները վիրաւորուեցան եւ փոխադրուեցան հիւանդանոց, ուր կինը գործողութեան ենթարկուեցաւ եւ անցուց մահուան վտանգը, մինչ երեք զաւակները թեթեւօրէն վիրաւորուած էին:
Մինչ Չիֆչեան ընտանիքը հիւանդանոց փոխադրուած էր, Պուրճ Համուտի ընկերներէն չորսը գացին վնասուած ինքնաշարժը ակումբ բերելու:
Հոս է որ յուզիչ տեսարան մը ցնցեց ընկերները, որոնք մօտենալով ինքնաշարժին, մանուկի մը լացը լսեցին: Ողբացեալի չորրորդ զաւակն էր (երկու ամսուան), որ ինքնաշարժին մէջ մնացած էր:
Յուզիչ եւ նոյնպէս ուրախալի էր այս տեսարանը, որ կը ցնցէր ընկերները, որոնցմէ մէկը, արցունքը աչքին, կ՛ըսէր. «Ընկեր Գօգոն մահացաւ եւ այս երկու ամսուան զաւակը, փրկուելով մահէն, պիտի ըլլայ նոր ընկեր մը»:
***
Երեքշաբթի, 18 մայիսին Պէյրութի սահմանագիծին վրայ փաղանգաւորները յարձակողականի անցան եւ յաջողեցան վերագրաւել Ալենպի պողոտային վրայ իրենց նախկին դիրքերը, մինչ կերպասներու շուկային մէջ մուրապիթունները գրաւեցին նոր շէնքերու տանիքները: Իսկ Օթոմաթիքի շէնքին մէջ գտնուող յառաջդիմական ուժերը հեռացան եւ մտան Մաարատի մեծ մզկիթին շրջանը, ուրկէ հակազդեցին իրենց հակառակորդներու յարձակումներուն:
Սոտեքոյէն Տեպպաս գացող ճամբուն երկու կողմերը գտնուող շէնքերը, բարձր կամ ցած, հին ու նոր, իբրեւ պատնէշ կը ծառայէին եւ դիրքերը իրարու շատ մօտ էին: Դիրքերու վրայ գտնուող զինեալները իրարու այնքան մօտ էին, որ մերթ ընդ մերթ լսուող կրակոցները երբ դադրէին, զինեալները հայհոյանքներով կը կռուէին:
Շիահ-Այն Ռըմմանէ ճակատին վրայ յառաջդիմական ուժերը գրաւեցին Մար Մարուն փողոցը:
Չորեքշաբթի, մայիս 19-ին Դամասկոս պողոտային երկու կողմերը դիրք գրաւող զինեալները ծանր զէնքերով բախումներ ունեցան: Մուրապիթուններ մտան Ապտել Ուահապ Ինկիլիզի շրջանը, քանդեցին հոն գտնուող 500-նոց գնդացիրները եւ քաշուեցան շրջանէն, կրակի տալով Դամասկոս պողոտայի ոստիկանատունը:
Մայիս 20-ին յառաջդիմական ուժերը բազմաթիւ յարձակումներ կատարեցին Ֆաթթալ շէնքին, առեւտրական շուկաներուն, հրապարակներուն եւ Սոտեքօ-Նասրա ճակատին վրայ, որոնք բոլորն ալ զսպուեցան փաղանգաւոր ուժերուն կողմէ:
***
Զօրավար Ազիզ Ահտապի մարտ 11-ի պետական հարուածէն անցած էր երկու ամիս, որոնց ընթացքին մեծ աւերածութիւններ կատարուած եւ մեծաթիւ զոհեր ինկած էին: «Ազդակ», 12 մայիս 1976-ի թիւով եւ «Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ամէնէն զարհուրելի երկու ամիսները» խորագիրով լրատուութեամբ կը գրէր.
«Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն զարհուրելի հանգրուաններէն մէկը վերջ գտաւ երեքշաբթի օր, քաղաքավարական այն այցելութեամբ, զոր նորընտիր նախագահ Իլիաս Սարգիս տուաւ մեկնող նախագահ Սլէյման Ֆրենժիէի:
Նախագահ Ֆրենժիէի եւ իր յաջորդին հանդիպումը տեղի ունեցաւ զօրավար Ազիզ Ահտապի «բռնահարուած»-էն ճիշդ ու ճիշդ երկու ամիս ետք: Երկու ամիսներ, որոնք իսկապէս ահ ու դողի մատնեցին Լիբանանը, բայց նաեւ արագացուցին ներկայ նախագահին մեկնումը եւ մղում տուին Լիբանանի տագնապին աստիճանական լուծումին:
11 մարտին, զօրավար Ահտապ, բռնահարուածի մը ձեռնարկելով նախագահ Ֆրենժիէի դէմ, անկէ պահանջած էր հրաժարիլ իր պաշտօնէն մէկ շաբթուան ընթացքին: Զինուորական միջոցներէ եւ քաղաքական աջակցութենէ զուրկ` զօրավար Ահտապ, որ ինքզինք հռչակած էր «զինուորական ժամանակաւոր կառավարիչ», չկրցաւ ինքզինք պարտադրել պաշտօնի վրայ գտնուող նախագահին: Դժուարին բանակցութիւններ տեղի ունեցան հակառակորդ կողմերուն միջեւ եւ յանգեցան լուծման հետեւեալ հոլովոյթին: Սահմանադրութեան բարեփոխութիւն` արագացնելու համար նախագահ Ֆրենժիէի մեկնումը, յետոյ` իր յաջորդին ընտրութիւնը:
Նախագահին եւ երեսփոխաններու միջեւ շաբաթ մը տեւող ձգձգողական խաղերէ, քաղաքական սակարկութիւններէ, միջադէպերով լեցուն բանակցութիւններէ ետք, քաղաքական լուծումը տեղքայլ ըրաւ եւ սկսան խօսիլ կատարելագործուած եւ մահասփիւռ զէնքերը:
21 մարտին, քրիստոնեայ միլիսներու մայրաքաղաքի միջնաբերդը` Հոլիտէյ Ին ինկաւ յառաջդիմական հակառակորդներուն ձեռքը եւ նոյն գիշերը մայրաքաղաքին վրայ տեղացին մեծ տարողութեամբ ռումբեր, զորս օրինապահ հրետանին Պէյրութի վրայ կը ղրկէր շրջակայ բլուրներէն, որոնք կը գտնուին հանրապետական պալատին կից:
Երեք օր ետք, 25 մարտին, ձախակողմեանները փոխադարձութեան դիմեցին: Նախագահ Ֆրենժիէ, իր հակառակորդներու ռմբակոծումէն խուսափելու համար, լքեց Պաապտայի պալատը եւ ապաստանեցաւ Քեսրուանի շրջանը, քրիստոնէական գօտիէն ներս: Զուք Մքայէլի համեստ քաղաքապետարանը վերածուեցաւ նախագահական պալատի: Նախագահ Ֆրենժիէ, աւելի անդրդուելի քան երբեք, սպառնաց միջազգայնացնել հարցը եւ նուիրագործել երկրին գործնական բաժանումը: Ձախակողմեան մեծ ուժեր յարձակում գործեցին լեռնային շրջանը եւ սպառնացին քրիստոնեայ ամրոցներուն: Ինչպէս նախագահ Ֆրենժիէի ծննդավայրը` Զղարթա, Փիեռ Ժեմայէլի պապենական գիւղաքաղաքը` Պիքֆայա, եւ երկրի երրորդ քաղաքը` Զահլէ:
Մարոնի ղեկավարները կոչ ըրին իրենց «միջազգային բարեկամութիւններուն»: Ամերիկացի պատուիրակ Տին Պրաուն ժամանեց 31 մարտին, ֆրանսացի պատուիրակ Ժորժ Կորս` շաբաթ մը ետք: Քանի մը օր չանցած, ժամանեցին Վատիկանի պատուիրակները: Տարակարծութիւններ երեւան եկան Սուրիոյ, որ կ՛երաշխաւորէր քաղաքական լուծումը, եւ պաղեստինեան ու յառաջդիմական ուժերու միջեւ, որոնք իրենք զիրենք լքուած կը զգային:
10 ապրիլ, «բռնահարուած»-էն ամիս մը ետք, քաղաքական լուծումի հոլովոյթը ձեւ առաւ. խորհրդարանը բարեփոխեց Սահմանադրութիւնը: Նախագահ Ֆրենժիէ զայն վաւերացուց 14 օր ետք: Մինչ այդ, ամսուան սկիզբը յառաջդիմականներու կողմէ հռչակուած «զինեալ դադարը» մնաց մեռեալ տառ: Հրետանիի մենամարտները դարձան հանապազօրեայ եւ տարածուեցան ամբողջ Պէյրութի վրայ: Ռմբակոծումները եւ հակադարձութիւնները 22 ապրիլին խլեցին 500 զոհեր Պէյրութի հիւսիս-արեւելեան արուարձանին մէջ:
Խորհրդարանը նիստի հրաւիրուեցաւ մայիս 1-ին, նոր նախագահին ընտրութեան համար: Սակայն այս նիստը յետաձգուեցաւ մէկ շաբաթով, տիրող անապահովութեան պատճառով: 8 մայիսին, երեսփոխանները, զինեալներու պաշտպանութեան տակ, գացին խորհրդարան եւ ռումբերու տարափին տակ, ընտրեցին նախագահ Ֆրենժիէի յաջորդը, որոշուած թուականէն մէկ շաբաթ ետք:
Լիբանանեան ձախի ղեկավար Քամալ Ժոմպլաթ յայտնած էր որ քաղաքական լուծումի երկու հանգրուանները անցնելու համար, պէտք եղած էր մեծ ճակատամարտեր մղել եւ պատճառել հազարաւոր անձերու մահը:
Նորընտիր նախագահ Իլիաս Սարգիս պաշտօնը ձեռք պիտի առնէ սահմանադրական երդումը կատարելէ ետք, ձեւակերպութիւն մը, որ կը պահանջէ նախագահ Ֆրենժիէի հրաժարումը:
Կիրակի օր, այն կարծիքը կը շրջէր որ նախագահ Ֆրենժիէ պիտի հրաժարի անմիջապէս, բայց ներկայիս կը կարծուի որ ան պաշտօնը պիտի լքէ գալ շաբթուան սկիզբը:
Նախագահ Ֆրենժիէի տատամսումները զուգադիպեցան կռիւներու վերսկսման հետ, լեռնային շրջաններու մէջ: Ձախակողմեանները եւ Պաղեստինեան դիմադրութիւնը սպառնացին գրաւել Պէյրութի նաւահանգիստի շրջանը, որ կը հանդիսանայ քրիստոնեայ միջնաբերդին առաջին գիծը, ուրկէ աջակողմեան ուժերը քաշուած էին շաբաթներ առաջ»: