ԳԵՐՄԱՆԱԿԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՌԸՆԷ ՇՆԻՑԼԸՐ ԵՐԿՈՒՔՈՒԿԷՍ ՏԱՐԻՈՎ ԿԱԽԱԿԱՅՈՒԵՑԱՒ
Երէկ, արհեստավարժ նախկին ֆութպոլիստ Ռընէ Շնիցլըր Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ երկուքուկէս տարիով կախակայուեցաւ, որովհետեւ ան ընդունեց, որ 2008-ին նիւթական պարգեւ ստացած էր Բ. դասակարգի մրցում մը ծախելու համար:
Ասիկա տեղի ունեցած էր, երբ ան մաս կը կազմէր Զանքթ Փաուլիին:
Շնիցլըր, որուն արգիլուեցաւ այդ ժամանակամիջոցին որեւէ տեսակի մրցումի իր մասնակցութիւնը բերել, ընդունեց այն իրողութիւնը, որ գանձած էր հարիւր հազար եւրօ հոլանտական գրաւի գրասենեակէ մը` չորս մրցումի արդիւնքին հետ խաղալուն համար:
Ըստ գերմանական մամուլին, այդ չորս մրցակից կազմերն էին Հանզա Ռոսթոք, Տուիզպուրկ, Օկզպըրկ եւ Մայնց-05:
CATEGORIES Մարզական