Աննա Շահնազարեան. «Ես Տակաւին Որոնումներու Մէջ Եմ»

Hamazkayin_ANNA2011 թուականի սեպտեմբերին հայրենի նկարչուհի Աննա Շահնազարեան  (որ ծանօթ է Շանա անունով) առաջին անգամ  ներկայացաւ լիբանանահայ գեղարուեստասէր հանրութեան: Իր ուրոյն ձեռագիրն ունեցող նկարչուհին կրկին Լիբանան  է եւ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ կ՛ունենայ Լիբանանի մէջ  իր երկրորդ ցուցահանդէսը: Ան տարբեր ցուցահանդէսներ ունեցած է Երեւանի, Մոսկուայի, այլ քաղաքներու մէջ, Հայաստանի Նկարիչներու միութեան անդամ է եւ նախորդ յունիսին իր հերթական ցուցահանդէսը ունեցաւ Նկարիչներու միութեան յարկին ներքոյ` կազմակերպութեամբ Հայաստանի նկարիչներու միութեան:

Լիբանանեան ցուցահանդէսին նախօրեակին Աննա Շահնազարեանին հետ ունեցանք հետեւեալ հարցազրոյցը. 

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Դուք ցուցահանդէս պիտի ունենաք վայրի մը մէջ, ուր երեք տարիներ առաջ կրկին ցուցադրած էք ձեր նկարները: Ի՞նչ ակնկալութիւններ ունիք լիբանանեան ցուցահանդէսէն:

ԱՆՆԱ ՇԱՀՆԱԶԱՐԵԱՆ.- Ակնկալութիւններս շատ են, քանի որ առաջին անգամ երբ գործերս ներկայացուցի Լիբանանի մէջ, միայն ջերմ յիշողութիւններ են, որ պահպանուած են թէ՛ ցուցահանդէսէն, թէ՛ քաղաքէն, եւ թէ մարդոցմէ: Կրնամ ըսել, որ  իմ ու լիբանանահայ գեղարուեստասէր հանրութեան միջեւ կապը ստեղծուած  է,  եւ այսօր այդ կապի շարունակութիւնն է իմ այս ցուցահանդէսս:

1233555_559493674152285_4102634046180547279_n2Այս անգամ պարզապէս  փոփոխութիւններ մտցուցի իմ ոճիս մէջ: Եթէ անցեալ անգամ դիմակը իբրեւ տարր կ՛իշխէր նկարներուս մէջ, ապա այս անգամ դիմակը հանած եմ նկարներէս: Դիմակը միանշանակ չ՛ընկալուիր մարդոց կողմէ: Մարդիկ կարծես կը խուսափեն դիմակներէ, աւելի կենսավառ, ապրող պատկերներ կ՛ուզեն: Հակառակ անոր որ դիմակն ալ կեանքի մէկ մասն է, բոլորս ալ կեանքի այս կամ այն պահուն դիմակ կը կրենք, բայց ես հրաժարեցայ այդ պատկերէն եւ այսօր ա՛յլ նիւթեր, կեանքի ա՛յլ դրուագներ կը ներկայացնեմ:

Հ.- Ինչո՞վ կը զբաղիք գծելէ զատ:

Ա. Շ.- Ես միայն նկարչութեան աշխարհին մէջ եմ, ուրիշ ոչ մէկ բանով կրնամ զբաղիլ: Եթէ դուն քեզ կը նուիրես արուեստին, դուն ուրիշ տեղ չես կրնար աշխատիլ, արուեստը շատ բան կը խլէ զինք իսկական սիրողէն եւ հաւատացողէն: Ես միշտ ըսած եմ` արուեստը եսասէր տղամարդու պէս է, ամբողջութեամբ  կ՛ուզէ, որ  դուն նուիրուես իրեն:

Հ.- Ամբողջութեամբ նուիրուելով, ամէն պարագայի,  կ՛ըլլա՞ն օրեր, որ չէք նկարեր, կը յոգնիք այդ աշխարհէն:

Ա. Շ.- Այո, անշուշտ, երբ հոգեկան բոլոր ապրումներդ կը ներդրես նկարին մէջ, օրեր կ՛ըլլան, որ պարզապէս չես ուզեր մօտենալ կտաւին, պարպուած կ՛ըլլաս, ժամանակ անհրաժեշտ է կրկին լեցուելու, կուտակելու: Չես կրնար անվերջ նկարել, հակառակ անոր որ տրամադրութիւնդ, մտածումներդ միշտ հակուած կ՛ըլլան դէպի արուեստը:

Հ.- Իսկ շրջապատի դժուարութիւնները, լարուած կեանքը չե՞ն խանգարեր ստեղծագործողը:

Ա. Շ.- Խանգարող հանգամանքները շատ են: Ամէն ինչն ալ կրնայ խանգարել` թէ՛ մարդիկ, թէ՛ միջավայրը… Կը մեկուսանամ, առանձին վայրի մէջ կ՛աշխատիմ, արուեստանոցիս մէջ կը փակուիմ, կ՛անջատուիմ դուրսի աշխարհէն: Աւելորդ հարցերով ինքզինքս չեմ ծանրաբեռներ, օրինակ, երբեք քաղաքական հարցերու մէջ խորամուխ չեմ ըլլար, մարդոց հետ շատ չեմ սիրեր կապ հաստատել. կան քիչ թիւով անձեր, որոնցմէ լիցքեր կը ստանամ: Առհասարակ, հասկցած եմ, որ մարդիկ միշտ չէ, որ կամեցող կ՛ըլլան, միշտ չէ, որ բարի ու անկեղծ զգացումներով  կը մօտենան քեզի ու քու ստեղծած գործերուդ: Այս բոլորը խանգարող հանգամանքներ են, որոնցմէ ես հեռու կը մնամ: Ես հեռու եմ բամբասանքներէ, անպտուղ քննարկումներէ,  իմ ներուժս կը պահեմ միայն գծելու, ցուցահանդէսներու համար:

Ես ունիմ իմ աշխարհս, իմ միտքերս, իմ գաղափարներս, որոնց հետ կ՛ապրիմ եւ շատ ներդաշնակ կը զգամ իմ աշխարհիս մէջ:

Հ.- Իսկ ի՞նչը կը ներշնչէ ձեզ:

1924676_559159750852344_4946275403468064918_n1Ա. Շ.- Շուրջս տեղի ունեցող դրական երեւոյթները միշտ կը ներշնչեն: Այնպէս չէ, որ կեանքը միայն դժուարութիւններէ եւ  չարակամ մարդոցմէ  կազմուած է: Կեանքի մէջ այնքան հրաշալի, լուսաւոր պահեր կան, որ միայն պէտք է զգալ, ապրել եւ ատոնք ընկալելով քու հոգիիդ մէջէն` փոխանցել մարդոց: Իմ բոլոր նկարներս ապրուած, իմ ներաշխարհով անցած զգացողութիւններ են, զորս կ՛արտայայտեմ: Կը սիրեմ, որ նկար մը իմաստ ունենայ` պարապ նկարներ չեմ սիրեր, չեմ սիրեր ինքնանպատակ պատկերներ: Ինքս շատ նրբազգաց եմ, որ մէկ կողմէն լաւ է, կ՛օգնէ զիս իմ նկարչութեանս մէջ, մէկ կողմէն ալ երբեմն կը խանգարէ կեանքի մէջ:

Հ.- Ի՞նչ են ձեր նկարներուն թեմաները:

Ա. Շ.- Սէր, բնութիւն, յոյս, հաւատ, կինը` իր դրական լիցքերով եւ տրամադրութեամբ: Ես երբեք  վատ ու բացասական զգացումներ չեմ դներ իմ նկարներուս մէջ, որովհետեւ երբ նկարը կը կախես տան մէջ, անիկա  միայն դրական ներուժ պիտի հաղորդէ:

Հ.- Դժուար կը բաժնուի՞ք ձեր նկարներէն:

Ա. Շ.- Այո՛, որովհետեւ իմ նկարներուս մէջ իմ հոգիս կը դնեմ եւ ամէն անգամ, երբ բաժնուիմ նկարէս, կարծես իմ հոգիէս մէկ մաս կը հեռանայ: Բայց, անշուշտ, համոզուած եմ, որ մեր` արուեստագէտներուս գործերը ճիշդ ատոր համար են, որ մարդոց հասցնեն լաւն ու դրականը, մեր գործերը կարծես աշխարհը քիչ մը դէպի լաւը փոխելու պատգամներ ունին, իսկ մենք այդ պատգամները կրողներն ու փոխանցողներն ենք:

Բարեբախտաբար իմ նկարներս միշտ լաւ մարդիկ կը գտնեն, միշտ դրական, խաղաղ, գեղեցիկը գնահատող, բարի մարդիկ կը գնեն իմ նկարներս: Անոնք միշտ կը հետեւին իմ ստեղծագործական ընթացքիս, նորութիւններուս եւ միշտ կ՛ուրախանան փոքրիկ յաջողութեամբ նոյնիսկ: Իսկ կ՛ըլլան մարդիկ, որոնք ցուցահանդէսին կու գան` տրամադրութիւն փճացնելու համար, այդպիսի մարդոցմէ ես հեռու կը կենամ: Ես չեմ ըսեր, թէ կատարեալ եմ, եւ իմ նկարներուս մէջ ամէն ինչ իտէալական է, ինքս կը ջանամ կատարելագործուելու, աւելի լաւը ընելու, առաջ երթալու: Պարզապես կ՛ուզեմ, որ մարդիկ անհաշիւ չվիրաւորեն իրար, յարգեն ու գնահատեն միմեանց: Մանաւանդ մենք` ստեղծագործողներս, այնքա՜ն զգայուն ենք… Երբեմն ալ կ՛ուզեմ փոխել մարդիկը, բայց անօգուտ:

Հ.- Ի՞նչ փոփոխութիւններ կը սպասուին ձեր նկարչութեան մէջ:

Ա. Շ.- Փոփոխութիւնները միշտ կան: Ես տակաւին փնտռտուքներու մէջ եմ, ես դեռ կ՛որոնեմ: Ոչ միայն պատկերներու, այլ նաեւ գոյներու մէջ եղած են փոփոխութիւններ: Եթէ նկատէք` կարմիր գոյնը նուազեցուցած եմ նկարներուս մէջ, աւելի վառ գոյներ կ՛իշխեն հիմա:

Հ.- Բայց կարմիրն ալ վառ գոյն է:

Ա. Շ.- Կարմիրը պարզապէս յարձակողապաշտ գոյն է: Անոր առատութիւնը  նկարներու մէջ յարձակողական տրամադրութիւն կը ստեղծէ, երկար ժամանակ չես կրնար նայիլ անոր, գտնուիլ անոր շուրջ: Կարմիրը կայ նկարներուս մէջ, սակայն այնքան ալ շատ չէ:

Իսկ թէ վաղը ի՞նչ շրջան, ի՞նչ պատկերներ, ի՞նչ գոյներ կը սպասեն ինծի` ես ալ չեմ գիտեր, բայց վստահ` աւելի լաւ, աւելի դրական, աւելի կատարեալ:  Իմ հոգեկան աշխարհս բազմազան է, եւ ես զայն միշտ կը հարստացնեմ դրական ու ազնիւ մղումներով: Չեմ ընդունիր, երբ որ արուեստագէտներ կ՛ըսեն, թէ հասած են ամէն ինչի, կատարեալ են արուեստի մէջ, այդ մէկը կը նշանակէ,  որ այլեւս շարժում չկայ, կեանքը կեցած է եւ առաջ երթալու ոչ մէկ խթան կայ:

Հ.- Ժամանակին ըսած էք, թէ ձեր մայրը եղած է ձեր առաջին քաջալերողներէն, իսկ այսօր ո՞վ կը քաջալերէ կամ որո՞ւ կարծիքն է, որ կարեւոր է ձեզի համար:

Ա. Շ.- Կրկին մայրս է, որ միշտ իմ կողքիս է` իր խորհուրդներով, քաջալերանքով, դրական ներկայութեամբ, ինքն ալ արուեստագիտուհի է, արուեստի մեծ աշխարհ կը կրէ իր ներսը եւ իր խօսքը, կարծիքը շատ կարեւոր են ինծի համար:

Հ.- Կրնա՞նք ըսել, թէ ձեր գործերը հայաստանեան միջավայրի ծնունդն են:

Hamazkayin_03---B-&-WԱ. Շ.- Ո՛չ, որովհետեւ հոգեկան ապրումները ազգութիւն, երկիր չեն ճանչնար, անոնք աշխարհի որեւէ մէկ անկիւնը կրնան ընկալուիլ, նոյն ձեւով դրսեւորուիլ, անոնք համամարդկային են եւ հասկնալի են բոլորին: Ճիշդ է, ես շատ կը սիրեմ Հայաստանը, միայն հոս լաւ կը զգամ,  բայց իմ նկարներս հայկական նիւթեր չեն պարունակեր: Այդ մէկը չի նշանակեր, թէ հայկական նիւթերէ կը խուսափիմ, ո՛չ, այժմ կը պատրաստուիմ մեծ աշխատանք մը նկարելու` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Տակաւին չեմ գիտեր, թէ ինչ մօտեցում պիտի ունենամ այս նիւթին, բայց գիտեմ, որ փափաքը կայ, այդ մէկը կը զգամ:

Հ.- Ի՞նչ ունիք ըսելու լիբանանահայերուն, որոնք յառաջիկայ օրերու ընթացքին պիտի գան ձեր նկարները դիտելու:

Ա. Շ.- Իմ մեծագոյն ուրախութիւնս այն կ՛ըլլայ, որ մարդիկ մտնեն ցուցասրահ եւ մեծ բաւականութիւն ստանան: Չեմ ըսեր` գան ու նկար գնեն,  այլ շատ ուրախ կ՛ըլլամ, երբ որ գան եւ բան մը ստացած երթան: Ի վերջոյ նկարիչն ուրախ ու բաւարարուած է, երբ իր նկարը կը յիշուի եւ փոքրիկ լոյս կը հաղորդէ մարդոց:

 

ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

«Նա Ունի Իր Ուրոյն Աշխարհը»

Նկարիչ, արուեստաբան Սարօ Կալենցը`
Աննա Շահնազարեանի մասին

Աննա Շահնազարեանին ճանաչում եմ որպէս բացառիկ տաղանդով օժտուած նկարչուհու եւ որպէս մարդկային բարձր արժանիքների տէր անձնաւորութեան: Նա նպատակամէտ, որոնող, ստեղծագործող մարդ է: Նրա աշխատանքները ինքնատիպ են,  բազմաբովանդակ, գունեղ եւ աչքի են ընկնում իրականի եւ երեւակայականի խորհրդաշատ սինթեզով: Չնայած  իր երիտասարդ տարիքին` Աննան զերծ է տարբեր ազդեցութիւններից: Նա իր ուրոյն աշխարհն ունի` մէկը միւսին չկրկնող կտաւներ, որոնք անպայման մեր նկարչական արուեստում կ՛ունենան իրենց արժանի տեղը:

Պատկերը` Ի Վերուստ Թելադրուած Խորհուրդ

Գրող, արուեստաբան Ռուզան Մահտեսեանը`
Աննա Շահնազարեանի նկարչութեան  մասին

Գոյն, շարժում եւ ինքնաբուխ լոյսով թաթախուն նրբին զգացումների ծաւալումներ: Սա այն իրականութիւնն է, որ հոգեհարազատ է երիտասարդ նկարչուհի Աննա Շահնազարեանին: Նրա յուզաշխարհը լեցուն է Աստծոյ արարած բնութեան բազմերանգութեամբ եւ զգայական կենսահաստատ լիցքերով: Գոյնն ու գիծը նրա համար միջոց են, ծնուած պատկերը` ի վերուստ թելադրուած խորհուրդ:

Գեղանկարչութեան մէջ առկայ արտայայտչական ու ոճական բազում հնարքներից նկարչուհին ստեղծագործաբար իւրացրել է ազնիւ մօտեցումը` թեմային: Նրա կտաւներում իշխողը նիւթի կենդանի արծարծման, իրականութեան լուսաւոր ու շարժունակ պատկերաւորման սկզբունքայնութիւնն է:

Այն, թէ ինչպէս է մտայղանում իր կտաւների բովանդակային, խօսուն ու գեղեցիկ լուծումները, Աննան մեկնաբանում է այսպէս. «Նկարելիս կարծես մի անմեկնելի ուժ է թելադրում եւ ուղղորդում ինձ: Իմ հոգին խոնարհաբար խօսում է ձեռքս շարժող այդ աներեւոյթ Հրաշքի հետ…»: Այս հոգեկացութիւնն է, որ առաւել կենդանի, շնչող ու համոզիչ է դարձնում Աննայի ամէն մի գործը: Նրա աշխատանքներում գերակայ է հոգեւոր, ապրումային այն ներքին լիցքը, որ համարձակ վրձնումներով եւ գունագծային սահուն անցումներով սրտառուչ երկխօսութեան է հրաւիրում մարդուն: Ինքնատիպ, հետաքրքրական, խորիմաստ աշխատանքներով նա փորձում է բացայայտել իր ընկալած աշխարհայինի եւ վերերկրայինի կապը, արտայայտել մարդկային հաւատաւոր հոգու անսահման գեղեցկութիւնը: Աննան շնորհուածութիւնը չի ընդունում իբրեւ առաւելութիւն, այլ համոզուած է, որ դա ստեղծագործական մեծ տուրք պահանջող այն դժուարին երջանկութիւնն է, ինչն ունենալու եւ պահպանելու համար երբեք չի դադարի որոնել ու սեփական ջանքերով յաղթահարել դէպի մեծ արուեստ տանող ուղին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )