Խըրխըզիստան Մտադիր Է 1 Յունուար 2015-ին Մաքսային Միութեան Եւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Միանալու

Վալենթինա Մաթվիենքօ
ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքօ Խըրխըզիստանի վարչապետ Ջոմարտ Օթարպայեւի եւ երկրի արտաքին գործոց նախարար Ալմազպեք Աթամպայեւի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ Խըրխըզիստանի իշխանութիւնները յայտարարած են, որ մտադիր են 1 յունուար 2015-ին միանալու Մաքսային միութեան եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան:
«Խըրխըզիստան յայտարարած է, որ կը փափաքի 1 յունուար 2015-ին միանալ Մաքսային միութեան եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան», ըսած է Դաշնակցային խորհուրդի նախագահը:
Մաթվիենքօ ընդգծած է, որ ռուսական կողմը համոզուած է «համարկուած տնտեսական միութիւններուն միանալու Խըրխըզիստանի Հանրապետութեան ամուր քաղաքական կամքով եւ մտադրութեամբ»: «Ատիկա Խըրխըզիստանի ամուր մտադրութիւնն է` կարելի եղածին չափ շուտ իրականացնելու Խըրխըզիստանի իրաւաբանական միացումը եւրասիական տնտեսական կառոյցներուն», ընդգծած է ծերակուտականը` նշելով, որ խըրխըզական կողմը կը փափաքի մինչեւ տարեվերջ արագ կերպով իրականացնել «ընթացագիծը». ընդունիլ արժեհամակարգային իրաւական աքթերու եւ օրէնքներու փաստաթուղթերու անհրաժեշտ թղթածրարը, ինչ որ թոյլ պիտի տայ երկրին դառնալու Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ:
Դաշնակցային խորհուրդի նախագահը ողջունած է Խըրխըզիստանի մտադրութիւնը` խոստանալով Ռուսիոյ կողմէ աջակցութիւն ցուցաբերել եւրասիական համարկման հոլովոյթներուն Խըրխըզիստանի միանալու հարցին մէջ: Սակայն, ան նշած է, որ Խըրխըզիստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու մասին վերջնական որոշումը պիտի որդեգրեն Եւրասիական միութեան անդամները:

