Ֆրանչիսկոս Պապը Թուրքիա Իր Այցելութեան Ընթացքին Հանդիպում Պիտի Ունենայ Էրտողանի Եւ Բարթողիմէոս Պատրիարքին Հետ

Ֆրանչիսկոս պապը

Ֆրանչիսկոս պապը

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ֆրանչիսկոս պապը նոյեմբերի վերջաւորութեան Թուրքիա կատարելիք իր այցելութեան ընթացքին պիտի հանդիպի երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Պոլսոյ յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարք Բարթողիմէոսի հետ:

Պապի եռօրեայ այցելութիւնը պիտի սկսի 28 նոյեմբերին. այցելութեան առաջին օրը Անգարայի մէջ նախ պիտի այցելէ Թուրքիոյ առաջին նախագահ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի դամբարան, ապա նախագահական պալատին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Էրտողանի հետ: Բացի ատկէ, պապը հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ:

Իր այցելութեան երկրորդ օրը Ֆրանչիսկոս պապը Անգարայէն պիտի մեկնի Պոլիս, ուր պիտի այցելէ Այա Սոֆիա տաճար եւ Կապոյտ մզկիթ: Նոյն օրը ան քարոզ պիտի տայ Ս. Հոգի տաճարին մէջ:

29 նոյեմբերին նախատեսուած է նաեւ հանդիպում Պոլսոյ յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարք Բարթողիմէոսի հետ:

Share this Article
CATEGORIES