Ուաշինկթըն. «Ըստ Ամերիկեան Օրէնքի, Ժողովրդավարական Միութիւն Կուսակցութիւնը Ահաբեկչական Կազմակերպութիւն Մը Չէ. Թուրքիա Պէտք Է Անոր Աջակցութիւն Տրամադրէ»

1021_Harf

Մարի Հարֆ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարի Հարֆ 20 հոկտեմբերին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ ըստ ամերիկեան օրէնքին, Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը չէ, հակառակ ՔԱԿ-ի հետ իր առնչութեան: Ան աւելցուց, որ Ուաշինկթըն Անգարայի փոխանցած է ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռուող այդ կուսակցութեան աջակցութիւն տրամադրելու կարեւորութիւնը:

«Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը, ըստ Միացեալ Նահանգներու օրէնքին, իրաւական գետնի վրայ այլ խմբաւորում մըն է», ըսած է Հարֆ` աւելցնելով. «Թուրքիոյ յստակ դարձուցինք, որ կը հաւատանք, որ շատ կարեւոր է Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան աջակցիլ. այս քիւրտ զինեալները եւ փոքրաթիւ ոչ քիւրտ զինեալներ գետնի վրայ ետ կը մղեն ՏԱՀԵՇ-ը»:

Հարֆ ընդգծեց, որ ի տարբերութիւն Թուրքիոյ, Ուաշինկթըն ՔԱԿ-ի եւ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան միջեւ յստակ տարբերակում մը կը դնէ, որովհետեւ վերջինս ահաբեկչական կազմակերպութեանց ցանկին վրայ չի գտնուիր:

Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան զինեալ թեւը` Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերն ու կիներէ բաղկացած անոր թեւը` Կիներու պաշտպանութեան ուժերը ետ կը մղեն ՏԱՀԵՇ-ի` Թուրքիոյ սահմանակից Արաբունար քաղաքին դէմ կատարած յարձակումները:

 

Share this Article
CATEGORIES