Իրանեան Բանակի Սպայակոյտի Պետը ՏԱՀԵՇ-ն Ու Զայն Պաշտպանողները Կը Զգուշացնէ Քիւրտերու Վրէժխնդրութենէն

Ապատի եւ Ռուհանի

Ապատի եւ Ռուհանի

Իրանեան բանակի սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Հասան Ֆէյրուզ Ապատի յայտնեց, որ իսլամութեան թշնամիները դժուար խաղ մը սկսած են եւ պէտք է պատրաստուին շատ խիստ պատիժի` զգուշացնելով զայրոյթէն քիւրտ իսլամ ժողովուրդին, որուն մէկ անդամն էր Սալահէտտին Այուպիի նման անձնաւորութիւնը:

Ան աւելցուց, որ անոնք այդ զայրոյթէն պէտք է զգուշանան մասնաւորաբար Արաբունարի եւ Քիւրտիստանի գաւառին դէմ յարձակումներէն ետք:

Ապատի ըսաւ, որ քիւրտ ժողովուրդը, որուն երակներուն մէջ իրանեան արիւն կը հոսի եւ նախապէս բազմաթիւ նահատակներ տուած է, պիտի չմարսէ Արաբունարի մէջ իր զաւակներուն բնաջնջումը, որուն պատճառով ալ ՏԱՀԵՇ-ն ու զայն պաշտպանողները վրէժխնդրական բուռն արարքներ պիտի դիմագրաւեն:

Իրանեան բանակի սպայակոյտի պետը յայտնեց, որ սիոնականներուն դաշնակիցները աշխատանք կը տանին անոր դէմ պայքարի պիտակին տակ ՏԱՀԵՇ-ը հզօրացնելու: Ան ընդգծեց, որ Արաբունարի զաւակներուն սպանութեան մեղսակից եղողը պիտի չկարենայ իր արարքը ծածկել, եւ Թուրքիոյ, Ֆրանսայի, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ժողովուրդներուն ձայնը ամէնուր պիտի բարձրանայ առ ի զօրակցութիւն Արաբունարի զաւակներուն:

Միւս կողմէ, թրքական դիւանագիտական աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ»-ին յայտնեց, որ փեշմերկա ուժերու անդամներ Արաբունար հասած են, սակայն քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութենէն ականաւոր աղբիւրներ հերքեցին այդ լուրը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ յայտարարեց, որ քիւրտ զինեալներու թրքական հողամասերէն անցնելուն շուրջ բանակցութիւնները տակաւին կը շարունակուին:

Ռուհանի-Ապատի Հանդիպում

Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի երէկ այցելեց Թեհրան, ուր հանդիպում ունեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ: Վերջինս քննադատեց հակառակ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումներուն ՏԱՀԵՇ-ի նման ահաբեկչական խմբաւորումներու աջակցութեան շարունակումը:

Ռուհանի ըսաւ, որ Ուաշինկթընի եւ անոր դաշնակիցներուն օդային հարուածներուն շարունակումը երկար ժամկէտի վրայ ի նպաստ ՏԱՀԵՇ-ի է` նշելով, որ շրջանի հարցերը իրարու կապուած են, իսկ շրջանի երկիրները պէտք է ահաբեկչութեան դէմ պայքարին` համակարգումի եւ իրարու հետ գործակցելու ճամբով:

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի խօսքը Իրաքի վարչապետին ուղղելով յայտնեց. «Իբրեւ ձեր արտասահմանեան առաջին այցելութեան վայր Թեհրանը ընտրելը երկու երկիրներուն ու ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները ցոյց կու տայ եւ երկու երկիրներուն յարաբերութեանց մէջ շրջադարձ մը պիտի ըլլայ»:

Իրաքի վարչապետը իր կարգին ըսաւ. «Ահաբեկչութիւնը շրջանի բոլոր երկիրներուն գոյութեան կը սպառնայ, եւ մենք վստահ ենք, որ Իրան մեր կողքին պիտի մնայ` մինչեւ այս մահացու հիւանդութեան վերջ տալը»:

Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարար Մայքըլ Ֆայլըն երէկ Բրիտանիոյ խորհրդարանին յայտնեց, որ բրիտանական անօդաչու սարքեր թռիչքներ պիտի կատարեն Սուրիոյ վերեւ եւ յարձակումներ պիտի գործեն:

 

Share this Article
CATEGORIES