Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն անձնական ապահովութիւն ունենալու սկզբունքը` աւելցնելով, որ Հըզպալլա ոչ մէկ յանցագործի զօրակցութիւն կ՛ապահովէ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի հանդիպում մը ունենալէ ետք Պաալպեք-Հերմելի նահանգապետ Պաշիր Խտըրի հետ յայտնեց, որ ՄԱԿ կը փորձէ օժանդակել լիբանանցիներուն, որոնք սրտբաց ընդունեցին սուրիացի տեղահանուածները:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ իրենք մտադրած են երկիրը փրկել անարդարութենէ եւ մերժել խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ յայտնեց, որ համախմբումը պիտի մերժէ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Սայտայի մէջ ձերբակալած է 5 սուրիացիներ, որոնք անձնաթուղթ կամ իրենց ինքնութիւնը ճշդող փաստաթուղթեր չունէին:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահը մտադիր է յառաջիկայ 30 հոկտեմբերին գումարել խորհրդարանի նիստ մը` երկարաձգելու համար խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ խորհրդակցութիւնները առկայ են:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ շրջուն ջոկատ մը երէկ առաւօտեան ժամը 8:00-ին, Ուազզանիի կողմէն մուտք գործեց Լիբանան եւ խզեց Լիբանանի սահմանային Կապոյտ գիծը:
ՍԱԱՏՆԱՅԷԼԷՆ առեւանգուած քաղաքացիներ Խալետ եւ Մուսթաֆա Հուժէյրիներուն ընտանիքները երէկ առաւօտեան իբրեւ բողոքի ցոյց Սաատնայէլի մէջ լարեցին վրան մը եւ փակեցին ճամբան` պահանջելով իրենց զաւակներուն ազատ արձակումը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ամմար յայտնեց, որ իրենք չեն փափաքիր քաղաքական բանավէճերու մէջ մտնել:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ աննախատեսելի է հետագային Թրիփոլիի բնակիչներուն եւ բանակին միջեւ զինեալ բախումներ արձանագրել:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ձեւական ներկայութիւն մըն է` աւելցնելով, որ Հըզպալլա ոչ մէկ իմաստով յանձնառու է:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր յայտնեց, որ իրենք կը գտնուին խորհրդակցութիւններու հանգրուանի սեմին` աւելցնելով, որ ոմանք աւելի ուշ կրնան համաձայն գտնուիլ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նախագահ ընտրուելուն:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ անոնք կը մերժեն Իրանի կողմէ լիբանանեան բանակին կատարուելիք զինուորական օժանդակութիւնները:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ կարգ մը քաղաքական ուժեր նախագահական ընտրութեան խաղաքարտը առկախ կը պահեն` շրջանային զարգացումներուն իմաստով կատարուած հաշիւներու իբրեւ արդիւնք:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ հաստատեց, որ Շեպաան «Արսալ 2» պիտի չըլլայ, իսկ հոն տիրող կացութիւնը հանդարտ պիտի մնայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ եթէ լիբանանեան բանակը զինելու առումով Իրան լուրջ ըլլար, ապա ան Հըզպալլայէն կը խնդրէր, որ իր զէնքը յանձնէ բանակին:
ՇԵՊԱԱՅԻ քաղաքապետ Մոհամետ Սաապ յայտնեց, որ Շեպաայի մօտակայքը ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի գոյութեան մասին բոլոր լուրերը անճիշդ են:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով զինուորական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ Շեպաայի մօտակայքը 1500 յաւելեալ զինուոր տեղակայուած է:
ՎԱՐՉԱԿԱՆ եւ արդարութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ յայտնեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը անհրաժեշտութիւն է` նախագահական ընտրութեան հարցը լուծելու համար:

