ՏԵՆԻԼՍՈՆ ՇԱՏ ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ԼՔԷ ԱՐՍԵՆԱԼԸ

Տենիլսոն

Արսենալի ֆրանսացի մարզիչ Արսեն Վենկեր իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ պրազիլցի միջնապահ Տենիլսոն շատ հաւանաբար լքէ ակումբը եւ վերադառնալով իր հայրենիքը փոխ տրուի ակումբի մը` նկատի ունենալով, որ ան իբրեւ հիմնական մարզիկ նկատի չ՛առնուիր իր կողմէ:

23 տարեկան պրազիլցին նախորդ տարեշրջանի աւարտին տեղի ունեցած վերջին 9 մրցումներուն դաշտ չներկայացաւ իր ակումբին հետ:

Պրազիլի 19 տարեկանէն վար կրտսերներու ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ Տենիլսոն, որ 2006-ին Սան Փաուլոյէն միացաւ լոնտոնեան կազմին, անոր հետ կատարեց 153 մրցում` նշանակելով 10 կոլ:

Այլ գետնի վրայ, փղոսկրեայ ափունքցի միջազգային յառաջապահ Ժերվինիօ Լիլէն միացաւ Արսենալի:

Share this Article
CATEGORIES