Միշել Մըր. «Կը Զօրակցինք Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումին»
Երեսփոխան Միշել Մըր երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները:
Մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին, Մըր եւ Զասիփքին հաստատեցին, որ ահաբեկչութեան դէմ մղուող պայքարը առաջնահերթութիւն է` նկատի ունենալով, որ մարդոց համար տիրող ներկայ կացութիւնն ու անապահովութիւնը այլեւս պժգալի դարձած են:
Հանդիպումէն ետք Զասիփքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ անհրաժեշտ է նախագահական ընտրութիւն կատարել եւ աւելցուց, որ այդ մէկը կարիքը ունի լիբանանեան քաղաքական ուժերուն ջանքերուն եւ համախոհութեան` նկատի ունենալով Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ տուեալները:
Իր կարգին, Մըր յայտնեց, որ Լիբանան այս պայմաններուն ներքեւ պէտք է ունենայ համախոհական նախագահ մը, որ հզօր ըլլայ ամէն իմաստով:
Միւս կողմէ, Մըր շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին:

