Ֆրանսա Կոչ Կ՛ուղղէ Իրանին` Յարգելու Միջազգային Պատժամիջոցները
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռոման Նատալ երէկ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին զինուորական օժանդակութիւն տրամադրելու շրջագիծին մէջ Թեհրան պէտք է յարգէ իր դէմ որդեգրուած միջազգային պատժամիջոցները:
Նատալ յայտնեց նաեւ, որ Փարիզ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ զօրակցելու լիբանանեան զինեալ ուժերուն:
Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Նատալ հաստատեց, որ Փարիզ պատրաստ է օժանդակելու լիբանանեան բանակին եւ բարելաւելու անոր պաշտպանութեան կարողութիւնները, ինչպէս նաեւ օժանդակելու անոր` ահաբեկչութեան դէմ մղած իր պայքարին մէջ:
Նատալ յայտնեց նաեւ, որ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ժան Իվ Լոտրիան ընդգծած է, որ Լիբանանի տրամադրուելիք զինուորական օժանդակութեան համաձայնագիրը արդէն իսկ պատրաստ է:
CATEGORIES Լիբանանեան

