Ըստ Զօր. Սլէյմանի. «Պաապտայի Յայտարարութիւն»-ը Ջնջելու Փորձերը Պիտի Ձախողին

Զօր. Սլէյման եւ Քազզի

Զօր. Սլէյման եւ Քազզի

Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ շեշտեց, որ «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը մոռնալու եւ զայն ջնջելու բոլոր փորձերը պիտի ձախողին` աւելցնելով, որ լիբանանեան եւ միջազգային առումով անոր ջնջումը պիտի մերժուի:

Սլէյման ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց Թեհրան կատարած իր այցելութեան արդիւնքները:

Մուքպել Սլէյմանի փոխանցեց Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի ողջոյնը` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք իրանեան զինուորական օժանդակութեան քննարկումն ու արժեւորումը պիտի կատարուի բանակի հրամանատարութեան հետ, նախքան այդ օժանդակութեան մանրամասնութիւնները կառավարութեան ներկայացնելը:

Սլէյմանի այցելեց նաեւ աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի, երեսփոխան Ղազի Արիտի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու ընդհանուր քարտուղարութեան գործավար Ֆարես Սուէյտ, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական, ապահովական, տնտեսական եւ ընկերային առումով:

 

Share this Article
CATEGORIES