Զօր. Քահուաժի Հաթընի Հետ Քննարկեց Բանակին Տրամադրուելիք Բրիտանական Օժանդակութիւնները

1021_jean_british_generalԼիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին մատուցուելիք իրանեան զինուորական օժանդակութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Բանակի հրամանատարը ընդունեց նաեւ Բրիտանիոյ բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Նիքըլըս Հաթընը, որուն կ՛ընկերակցէր զինուորական պատուիրակութիւն մը եւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի տրամադրուելիք բրիտանական օժանդակութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES