Ժահժահ Մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ նախանցեալ երեկոյեան երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ սէուտցի պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ:
Կը նախատեսուի, որ Ժահժահ հանդիպում մը ունենայ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալի հետ, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութեան մասին լուրջ քննարկումներ կատարէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:
Նշենք, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ իր կարգին նախանցեալ երեկոյեան ուղղուեցաւ Ժետտա, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ Հարիրիի եւ սէուտցի պետական անձնաւորութիւններու հետ:
Կը նախատեսուի նաեւ, որ Սէուտական Արաբիոյ մէջ կատարուի եռեակ հանդիպում մը` Հարիրիի, Ժահժահի եւ Ժեմայէլի միջեւ:
CATEGORIES Լիբանանեան

