«Նախագահական Եւ Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Իրարու Կապելու Քայլը Սահմանադրական Սխալ Մըն Է» Շեշտեց Քանաան

Համախմբումի նիստէն պահ մը

Համախմբումի նիստէն պահ մը

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:

Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան նշեց, որ իրենք կը զօրակցին նախագահական ընտրութեան կայացման` աւելցնելով, որ ժողովրդավարութիւնը կ՛ենթադրէ, որ նախագահը ընտրուի ժողովուրդին կողմէ, հետեւաբար վերստին պահանջեց սահմանադրութեան թիւ 49-րդ յօդուածին բարեփոխումը:

Քանաան յայտնեց, որ նախագահական եւ երեսփոխանական ընտրութիւնները իրարու կապելու քայլը սահմանադրական վտանգաւոր սխալ մըն է, որ ամէն իմաստով մերժելի է:

«Երեսփոխանական ընտրութիւնները պէտք է կազմակերպուէին մէկուկէս տարի առաջ, երբ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը առաջին անգամ ըլլալով երկարաձգուեցաւ», ըսաւ ան:

Քանաան աւելցուց, որ սահմանադրական առումով այն ինչ որ կրնան պիտի կատարեն` երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացման իմաստով:

«Մենք լրջօրէն կը յարգենք սահմանադրութիւնը եւ կը մերժենք խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը», ըսաւ ան:

Քանաան կոչ ուղղեց կառավարութեան, խորհրդարանին եւ խորհրդարանի յանձնախումբերուն իրենց պատասխանատուութիւնը ստանձնելու` Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարին գծով:

 

Share this Article
CATEGORIES