Վարչապետ Սալամ Մուքպելի Հետ Քննարկեց Իրան Այցելութեան Արդիւնքները

Մուքպել եւ Սալամ
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց անոր Իրան կատարած այցելութեան արդիւնքները:
Հանդիպումէն ետք Մուքպել մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:
Վարչապետ Սալամ ընդունեց նաեւ խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարին, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ շաբաթ, 25 հոկտեմբերին պետական բոլոր հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան` Իսլամական նոր տարուան առիթով:
CATEGORIES Լիբանանեան

