Խորհրդարանը Վերընտրեց Իր Դիւանն Ու Յանձնախումբերը` Իրենց Նախագահներով Եւ Զեկուցաբերներով

Խորհրդարանի լիագումար նիստէն պահ մը

Խորհրդարանի լիագումար նիստէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ առաջ նախագահեց խորհրդարանի լիագումար նիստին, որուն ընթացքին վերընտրեց իր դիւանն ու յանձնախումբերը` իրենց նախագահներով եւ զեկուցաբերներով:

Քառորդ ժամ տեւած նիստին ընթացքին խորհրդարանը կրցաւ այս որոշումը տալ` խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբերուն անդամներուն պարագային քանի մը փոփոխութիւն կատարելով:

Խորհրդարանի նիստէն ետք Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի հետ` ներկայութեամբ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական Նատեր Հարիրիի, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի եւ խորհրդարանի փոխնախագահ, երեսփոխան Ֆարիտ Մքարիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու կարելիութիւնները` նկատի ունենալով, որ խորհրդարանին մէջ կան պլոքներ, որոնք կը մերժեն երկարաձգումը:

Հանդիպումէն ետք Սինիորա յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկումները կը շարունակուին` աւելցնելով, որ այս հանգրուանին խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը շատ աւելի հրատապ է, քան` աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարին վաւերացումը:

Share this Article
CATEGORIES