Սլաք. Արդարութեան Պալատը Վկայ
ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Լուսանկարին մէջ գտնուող կինը Մանալ Տաուն է, շրջապատուած` արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի եւ Լեռնալիբանանի վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Քլոտ Քարամի կողմէ:
Այո՛, ճիշդ կը մտածէք. այն կինն է, որ երկուշաբթի առաւօտեան կանուխ երեսփոխան Նիքոլա Ֆաթթուշէն հարուած մը ստացած էր, պարզապէս որովհետեւ պարոն երեսփոխանը սպասելու տրամադրութեան մէջ չէր:
Նկատի ունենալով, որ արեւելքցի տղամարդոց մեծ համեմատութիւնը կը վստահի իր ֆիզիքական ուժին եւ զայն կը նկատէ իր խնդիրները լուծելու միակ ձեւը, եւ անկախ այն իրականութենէն, որ 2014-ը եղաւ տարի մը, որուն ընթացքին լիբանանեան ընկերային կեանքին մէջ ամիսներ շարունակ լուսարձակներու տակ առնուեցան կնոջ դէմ գործուող բռնութիւններն ու անոնց դէմ մղուած արշաւը, նուազագոյնը պետական այրերէն նման բան կարելի չէր սպասել:
Բայց եւ այնպէս, Պաապտայի Արդարութեան պալատի պաշտօնեայ Մանալ Տաուը իր պարկեշտութեան պատճառով եւ աշխատանքը օրէնքի ու կանոնի սահմաններուն մէջ կատարելու ընթացքին, ենթակայ եղաւ երեսփոխանի մը վարկաբեկիչ արտայայտութիւններուն ու ապա հարուածին:
Արդարութեան պալատը վկայ, որ Լիբանանի մէջ իգական սեռին նկատմամբ խտրութիւնն ու անոր դէմ բռնութիւն գործելու ախորժակները ինչ աստիճանի են:
Այս հարցը պէտք է յանձնել նաեւ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին ուշադրութեան եւ հաւանաբար անկէ պահանջել որոշ քայլերու դիմել:
Ինչ կը վերաբերի լուսանկարին, Ռիֆի եւ Քարամ Արդարութեան պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցան Մանալ Տաուի հետ եւ անկէ իմացան իր դէմ գործուած բռնութեան մանրամասնութիւնները:
Արդարութեան նախարարը հաստատեց, որ իրենք յանձնառու են Արդարութեան պալատներու պաշտօնեաներուն արժանապատուութեան` ընդգծելով, որ այս մասին հետաքննութիւն պիտի բացուի եւ օրինական տնօրինումներ պիտի որդեգրուին:

