Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Սպահան Այցելեց
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Իրան պաշտօնական այցելութեան երկրորդ օրը Սպահանի մէջ տեսակցած է նահանգապետ Ռասուլ Զարկարփուրի հետ: Աբրահամեան կարեւոր նկատած է Իրանի նահանգներուն եւ Հայաստանի մարզերուն միջեւ համագործակցութիւնը, որուն յատկապէս կը նպաստեն փոխադարձ այցելութիւնները եւ բարեկամական կապերու ստեղծումը: Սպահանի նահանգապետը շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի վարչապետին` իրենց նահանգը այցելելու համար, եւ բարձր գնահատած է Սպահանի հայ համայնքին դերը նահանգի զարգացման գործին մէջ:
Հայաստանի վարչապետին գլխաւորած պատուիրակութիւնը ապա այցելած է Նոր Ջուղայի Հայոց ազգային կրթական համալիր, ուր Հայաստանի կառավարութեան անդամները ողջունած են համալիրի աշակերտները, ուսուցիչները եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչները: Ողջունելով ներկաները` վարչապետ Աբրահամեան բարձր գնահատած կրթական համալիրի դերը հայապահպանութեան գործին մէջ եւ կառավարութեան աջակցութիւնը յայտնած է ազգապահպանման ուղղուած համայնքի իւրաքանչիւր նախաձեռնութեան:
Վարչապետին գլխաւորած պատուիրակութիւնը երէկ այցելեց Նոր Ջուղայի մարզամշակութային «Արարատ» միութիւն, մասնակցեցաւ Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքի Ս. Յովսէփ եկեղեցւոյ 350-ամեակին նուիրուած յոբելենական հանդիսութեան:

