«Սահմանադրական Փոփոխութիւններն Են, Որոնք Պիտի Երաշխաւորեն Երկրին Կայուն Զարգացումը» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան

1021_AJՀայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի յայտարարութիւններուն ընթացքին երէկ ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան, մէջբերելով սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգի քանի մը կէտեր, նշեց որ սահմանադրական փոփոխութիւններն են, որոնք պիտի  երաշխաւորեն երկրի կայուն զարգացումը, ուրեմն լաւ կ՛ըլլար, որ սահմանադրական բարեփոխումներուն ընդդիմացողներուն մէկ մասը գոնէ փորձէր կարդալ այդ հայեցակարգը:

«Անոնք, որոնք կարդացած են, սակայն հետեւողականօրէն չեն հաւատար, կրնամ հասկնալ, ատոր համար ալ կը հրաւիրեն այս մասին քննարկումներ կազմակերպելու: Անոնք, որոնք կարդացած են, բայց կը ստեն եւ չեն ուզեր այս ամէնը տեսնել, ուրեմն անոնք պէտք է դուրս գան փողոց եւ իշխանափոխութիւն ընեն անձի փոփոխութեան միջոցով: Ոչ ոք կը խանգարէ զիրենք, եւ մեղաւորներ թող չփնտռեն ընդդիմադիր դաշտին մէջ: Եւ կայ երրորդ խումբը, այսինքն` անոնք, որոնք հետեւողականօրէն չեն ուզեր կարդալ հայեցակարգը` հպարտութեամբ ըսելով, թէ չեն պատրաստուիր կարդալ: Լուսահոգի Վլատիմիր Նազարեան խօսք մը ունի. «Կը մտածէք, որ եթէ կարդաք, կրնայ ձեր ուղեղը աշխատի՞լ, եւ մթութեամբ լո՞յսը կը վնասուի»: Խորհուրդ կու տամ մեր գործընկերներուն, որ ոչ թէ փորձեն հակառակիլ, այլ մտնեն քննարկումներու դաշտ եւ ձեւաւորեն իրենց այն առաջարկները, որոնցմով կարելի պիտի ըլլայ խոչնդոտել Հայաստանի մէջ  բռնատիրական համակարգի հաստատումը», յայտարարեց Մինասեան:

 

Share this Article
CATEGORIES