«Իրական Իշխանափոխութիւնը Պէտք Է Զուգորդուի Համապատասխան Համակարգային Փոփոխութեամբ» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան երէկ խորհրդարանի յայտարարութիւններուն ընթացքին նշեց, որ սահմանադրական բարեփոխումներուն դէմ արտայայտուողները շատ յաճախ երկու փաստ կը նշեն. մէկը, որ իբրեւ թէ սահմանադրական փոփոխութիւնները կապ չունին մեր խնդիրներուն լուծման հետ, իսկ միւսը, որ եթէ լաւ բան է, ինչո՞ւ Սերժ Սարգսեան ատիկա կ՛ընէ: «Նախ անդրադառնամ այս վերջինին: Եթէ ուրիշ պատճառներ չբերեմ, որոնք աւելի խորքային են եւ մասնագիտական, բերեմ միայն դիտարկում մը. առաջին նախագահը` Լեւոնը դժգոհեցաւ նոր Լեւոնէն, Ռոպերթը` նոր Ռոպերթէն, ի՞նչ երաշխիք, որ Սերժն ալ չի դժգոհիր նոր Սերժէն: Ժողովուրդն ալ ընդհանրապէս գոհ չէ եղած երեքէն եւ ոչ մէկէն, ինչո՞ւ չորրորդէն գոհ պիտի ըլլայ, յայտնի չէ», յայտարարեց Ռուստամեան եւ աւելցուց. «Այնպէս կը թուի, թէ ով որ տուեալ պահուն իշխանութիւն չէ, դժգոհ է իշխանութենէն, եւ ասիկա բացարձակ ճշմարտութիւն է եւ կը վերաբերի բոլորին: Յատկապէս ժողովուրդին, որ միշտ դժգոհ եղած է իշխանութենէն, որովհետեւ ժողովուրդը երբեք սահմանադրութեան երկրորդ յօդուածին համապատասխան իշխանութիւն չէ ունեցած: Ուրեմն խորքային պատճառ մը կայ, չէ՞: Իսկ եթէ ոմանց կը թուի, որ Սերժ Սարգսեանը փոխուեցաւ, ինքնաբերաբար իշխանութիւնն ալ կը փոխուի, ուրեմն լաւ չեն ուսումնասիրած մեր անցած ճամբան: Որովհետեւ իրական իշխանափոխութիւնը անձի փոփոխութեամբ երբեք չի կրնար սահմանափակուիլ եւ պէտք է զուգորդուի համապատասխան համակարգային փոփոխութեամբ: Ատոր համար համոզուած ենք, որ ժողովուրդին ծառայող իշխանափոխութիւնը միայն կրնայ ըլլալ ամբողջական: Ամբողջական անով, որ ոչ միայն մարդիկ փոխուին, այլեւ` համակարգը, որպէսզի նոյնը չկրկնուի», յայտարարեց Ռուստամեան: Պատգամաւորը համոզում յայտնեց, որ այս համակարգով իշխանութիւնը ոչ միայն մենաշնորհային է, որ առաջնորդած է իշխող կուսակցութեան եւ պետութեան նոյնացման, այլեւ` ստուերային է, որ մենաշնորհային եւ ստուերային դարձուցած է պետական, քաղաքական ամբողջ դաշտն ու տնտեսութիւնը: «Ինչ կը վերաբերի սահմանադրական փոփոխութիւններու անհրաժեշտութեան եւ նշանակութեան, միջազգային փորձը աչքի առջեւ ունենալով` տգիտութիւն կամ կանխամտածուած վնասարարութիւն է պետականութեան կայացման գործին մէջ արհամարհել կամ նսեմացնել սահմանադրական զարգացումներու անհրաժեշտութիւնը: Իսկ սահմանադրական զարգացում ըսուածը լուրջ հասկացողութիւն է եւ միայն սահմանադրութեան փոփոխութեամբ չ՛աւարտիր, այլ կ՛երաշխաւորէ, որ ստուերային եւ յետադիմական բնոյթ ունեցող ներհասարակական եւ ներպետական յարաբերութիւնները փոխարինուին սահմանադրական իրաւական յարաբերութիւններով: Այսպէս պետութիւն կը դառնան, այս ճամբով աշխարհը կը զարգանայ: Ասիկա չընկալողներուն աւելի դիպուկ քան աշուղ Ջիւանին բնորոշածը: Ջիւանին կ՛ըսէ. «աշխարհէն կտրուած տգէտին համար գետի քարը եւ գոհարը նոյն են», եզրափակեց Ռուստամեան:

