Նախագահը Դրուատեց Յատուկ Քննչական Ծառայութեան Աշխատանքը

8739_bՆախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ներկայ գտնուած է Հայաստանի յատուկ քննչական ծառայութեան  յատկացուած նոր շէնքի բացման:

Նշելով, որ ծառայութեան գործունէութեան վերաբերեալ օրէնքով նախատեսուած տարեկան գրաւոր հաղորդումներու ուսումնասիրութիւնները, հրապարակային եւ թափանցիկ գործելաոճը յստակօրէն ցոյց կու տան ծառայութեան հետեւողական յառաջընթացն ու զարգացումը, նախագահ Սերժ Սարգսեան  մասնաւորապէս ըսած  է. «Թերեւս քիչ հաստատութիւններու մէջ ես այսպիսի գնահատականներ կու տամ, բայց ես անկեղծ կ՛ըսեմ: Եւ ասիկա ակնառու կերպով կը դրսեւորուի աշխատանքային դրական ցուցանիշներ ունենալու, փտածութեան դէմ աշխուժ գործունէութիւն ծաւալելու, օրէնսդրութեան կատարելագործման մարզին մէջ նախաձեռնողականութիւն ցուցաբերելու մէջ, ինչպէս նաեւ ձեր ամէնօրեայ գործունէութեան առնչուող այլ հարցերու մէջ»:

«Յատուկ կերպով կարեւոր կը նկատուի ձեր դերակատարութիւնը խոշտանգումներու դէմ պայքարին մէջ»,  ըսած է նախագահը` աւելցնելով, որ Հայաստանի յատուկ քննչական ծառայութեան խնդիրն է շարունակել համաչափ արձագանգել նման դէպքերուն եւ ապահովել անոնց արդար եւ արդիւնաւէտ քննութիւնը:

«Մենք շատ ուրախ կ՛ըլլանք եւ թեթեւցած հոգիով կ՛արձանագրենք, որ անցած ենք մեր իսկ կողմէ  ճշդուած այս ճամբան միայն այն ժամանակ, երբ տեսնենք, որ մեր հասարակութեան մէջ արդէն տիրապետող է համոզումը, որ անկախ ունեցած պաշտօնէն, դիրքէն` օրէնքի առջեւ հաւասար են եւ պատասխանատու բոլորը»,  յայտարարած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES