Եւրոպայի 17 Տարեկանէն Վար 2015-ի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի 3-րդ Յաջորդական Պարտութիւնը
Հայաստանի 17 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը աւարտեց Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար 2015-ի ախոյեանութեան զտումի իր մրցումները` կրելով իր երրորդ յաջորդական պարտութիւնը, այս անգամ` Մոլտովայէն, 4-0 արդիւնքով:
Հայրենի կազմը առաջին մրցումին պարտուած էր Իտալիայէն (3-0), իսկ երկրորդին` Իսլանտայէն (2-0):
Դժբախտաբար, Արամ Դանիէլեանի գլխաւորած խումբը երեք մրցումի ընթացքին ոչ մէկ կոլ յաջողեցաւ նշանակել:
Յաջորդ հանգրուանի իրենց տոմսերը ապահովեցին Իտալիա եւ Իսլանտա:
CATEGORIES Մարզական

