Ռէալ Մատրիտի Մասին Ժապաւէնի Հեղինակին Սպանութեան Սպառնալիքներ Կ՛ուղղուին
Իր լուրը քաղելով սպանական «Էլ Մունտօ Տեփորթիւօ» օրաթերթէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը յօդուածով մը կ՛անդրադառնայ Ռէալ Մատրիտի մասին ժապաւէնի հեղինակին, որ սպանութեան սպառնալիքներ կը ստանայ:
Ժապաւէնին մէջ պիտի պատմուին մատրիտեան ակումբին պատմութեան մութ էջերուն մասին:
Լրագրող Եորտի Փասթէ նախորդ շաբաթավերջին յայտարարեց, որ Ռէալի փաստաբանները կ՛ուսումնասիրեն այդ ժապաւէնը եւ շատ հաւանական է, որ բողոք ներկայացնեն զայն արտադրողներուն դէմ, եթէ պարզուի, որ անոնք խեղաթիւրած են ակումբին մասին փաստերը:
Իսկ ժապաւէնին հեղինակը` Քարլես Թորես, կատարած է հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Իսկապէս զարմանալի է կատարուածը: Մեր ժապաւէնը լուրջ եւ մանրազնին աշխատանքի արդիւնք է: Մենք իրաւունք ունինք ուսումնասիրելու անցեալը, եթէ դուք կը կարծէք, որ պէտք է մոռնանք:
«Ես կը հասկնամ, որ ոչ ոք զիս չի սիրեր, եթէ յիշեցնեմ ճշմարտութիւնը:
«Բողո՞ք` Ռէալ Մատրիտէն: Ատիկա կը զարմացնէ զիս, որովհետեւ մեր աշխատանքին մէջ ես չեմ վիրաւորած հերոսներէն մէկը:
«Արդէն իսկ քանի մը օրէ ի վեր սպանութեան սպառնալիքներ կը ստանամ: Զարմանալիօրէն, շատեր այդ քայլին կը դիմեն, երբ տակաւին նոյնիսկ ժապաւէնը չեն տեսած: Կը կարծեմ, որ այդ բոլոր նամակները պէտք է հաւաքեմ եւ ցոյց տամ ոստիկանութեան»:

