«Ներկայ Դրութեամբ Աղջկանց Ֆութպոլով Կը Զբաղին Շուրջ 280 Մարզիկներ» Ըսաւ Էդուարդ Միքայէլեան

1021_women-football15 հոկտեմբերին աւարտեցաւ Հայաստանի աղջկանց ֆութպոլի 2014-2015 տարեշրջանի աշնանային ստուգողական մրցաշարքը:

Տեղի ունեցած ստուգատեսին, Հայաստանի մէջ աղջկանց ֆութպոլին եւ ապագայի ծրագիրներուն մասին ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը յատուկ տեղեկութիւններ ստացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի աղջկանց ֆութպոլի եւ ֆութսալի գլխաւոր պատասխանատու Էդուարդ Միքայէլեանէն:

Միքայէլեան ի միջի այլոց ըսաւ. «Նախ ըսեմ, որ այս մրցաշարքին մասնակցեցան 12 խումբեր: Նախ եւ առաջ անոնք փորձառութիւն ձեռք ձգեցին, միաժամանակ կարելիութիւն ստանալով պահպանելու իրենց մարզավիճակը:

«Ներկայ դրութեամբ շուրջ 280 աղջիկներ արհեստավարժ կերպով կը զբաղին այս մարզաձեւով եւ բնականաբար ասիկա կարելի չէ յառաջընթաց չնկատել:

«Այժմ կը նախապատրաստուինք աղջկանց ֆութպոլի ձմեռնային ախոյեանութեան, որուն շատ հաւանաբար մասնակցին 14 խումբեր:

«Վերջապէս, այժմ մենք ունինք միայն 16 տարեկաններու հաւաքական: Շուտով պիտի կազմենք նաեւ 17 տարեկանէն վար մեր հաւաքականը, որ պիտի մասնակցի Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին»:

 

Share this Article
CATEGORIES