Ճատրակ. Եւրոպայի Պատանիներու Ախոյեանութիւն. Հայաստան 63 Երկսեռ Խաղացողներով Կը Մասնակցի Մրցաշարքին

1021_chess-armeniaՇաբաթասկիզբին Պաթումի մէջ (Վրաստան) սկսաւ Եւրոպայի ճատրակի պատանիներու ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ հարիւրաւոր ճատրակ խաղացողներու:

Այս մրցաշարքին կը մասնակցի նաեւ Հայաստան` 63 երկսեռ ճատրակ խաղացողներով:

2-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Հայաստանի ներկայացուցիչներէն 11-ը արձանագրած են երկու յաղթանակ` ապահովելով առաւելագոյն 2 կէտը:

Տեղի կ՛ունենան 8, 10, 12, 14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար դասակարգերու երկսեռ մրցումներ:

Մրցաշարքին ընթացքին մէկ օր` 25 հոկտեմբերը հանգիստի օր է: Մրցաշարքը կ՛աւարտի 28 հոկտեմբերին:

Share this Article
CATEGORIES