ԱԹԼԵԹԻԶՄ. ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՍԿՍԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Այսօր` հինգշաբթի, 21 յուլիսին, Էսթոնիոյ մայրաքաղաք Թալինի մէջ կը սկսի Եւրոպայի աթլեթիզմի պատանիներու ախոյեանութիւնը, որուն կը մասնակցի նաեւ Հայաստան:
Հայաստանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Նարինէ Շահպազեան ըսաւ, որ այդ խաղերուն Հայաստանի միակ ներկայացուցիչը պիտի ըլլայ Գոռ Ներկարարեան, որ պիտի մասնակցի մէկ քայլ ոստումի մրցումներուն:
Ան միակ մարզիկն է` նկատի ունենալով, որ ամբողջացուցած է միջազգային մրցումներու համար պահանջուած չափը (նուազագոյնը` 740 սմ): Նշենք, որ ան իրաւունք ստացաւ նաեւ մասնակցելու աշխարհի պատանիներու ախոյեանութեան:
Այլ գետնի վրայ, հայրենի չորս մարզիկներ` Լեւոն Աղասեան, Սաթենիկ Յովհաննիսեան, Սամուէլ Գրիգորեան եւ Տիանա Խուպեսերեան, այժմ կը պատրաստուին 23-30 յուլիսին Տրապիզոնի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի Երիտասարդներու ողիմպիական ամառնային 11-րդ փառատօնին: