«ՔՈՓԱ ԱՄԵՐԻՔԱ». ԼՈՒԻՍ ՍՈՒԱՐԵԶ ՆՇԱՆԱԿԵՑ 2 ԿՈԼ ԵՒ ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅ ԱՊԱՀՈՎԵՑ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆԻ ԻՐ ՏՈՄՍԸ

Լուիս Սուարեզ

Արժանթինի մէջ տեղի ունեցող «Քոփա Ամերիքա»ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի առաջին ճակատումին, Ուրուկուէյ 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Փերուի ապահովեց աւարտականի իր տոմսը: Լա Փլաթայի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին Ուրուկուէյի յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ Լուիս Սուարեզ, որ նշանակեց իր կազմին երկու կոլերը` 53-րդ եւ 56-րդ վայրկեաններուն: Փերու մրցումը աւարտեց տասը մարզիկով, երբ 69-րդ վայրկեանին խմբապետ Խուան Վարկաս կարմիր քարտ մը ստացաւ:

Ուրուկուէյ, որ 2010-ի Մոնտիալին հանդիսացաւ չորրորդ, այժմ իր ամէն կարելին պիտի ընէ հաստատելու համար նոր մրցանիշ մը` 15-րդ անգամ ըլլալով տիրանալ տիտղոսին:

Աւարտականին անիկա իր դէմ պիտի ունենայ Փարակուէյ – Վենեզուելա մրցումին յաղթականը: Անոնք երկուքը իրարու դէմ պիտի ճակատին այսօր` Մենտոզայի մէջ:

Ինչ կը վերաբերի աւարտական մրցումին, անիկա տեղի պիտի ունենայ Պուէնոս Այրեսի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES