Գաղութէ Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Շահան Արք. Սարգիսեան
Այցելեց Միացեալ Նահանգներ
Հոկտեմբերի կէսերուն Բերիոյ հայոց առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան այցելեց Միացեալ Նահանգներ` սուրիական ներկայ իրականութեան, սուրիահայութեան դիմագրաւած բազում դժուարութիւններուն եւ անմիջական կարիքներուն մասին տեղւոյն գաղութի զաւակները իրազեկ դարձնելու նպատակով:
Ստորեւ կը ներկայացնենք այս առիթով կազմակերպուած նախաձեռնութիւններուն եւ Շահան սրբազանին մասնակցած ձեռնարկներուն լրատուութիւնը:
* Կիրակի, 12 հոկտեմբերին, Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով Օրենճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Պատարագը մատուցեց Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, որ իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Սուրիոյ մեր գաղութին դիմագրաւած ահաւոր տագնապին ու անկէ բխող կարիքներուն: Ան կոչ ուղղեց մասնակցելու Սուրիոյ շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինին միջոցով տրամադրուելիք օժանդակութեանց գոյացման:
Ս. պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ կից «Ղուկասեան» սրահին մէջ առաջնորդը բացումը կատարեց գիրքերու ցուցահանդէս-վաճառքին: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը` մասնակցութեամբ Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային վարժարանի աշակերտներուն:
* Հոկտեմբեր 14-ին Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն` Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի Միացեալ Նահանգներ այցելութեան առիթով:
Ազգային վարչութեան փոխատենապետ դոկտ. Տիգրան Պապիկեան իր ելոյթին մէջ վեր առաւ Հալէպի գաղութին բարերար դերը` սփիւռքի կազմաւորման եւ ոգեղէն սնունդով պարենաւորման մէջ: Ան յիշեցուց, որ անցեալ մէկ դարուն յատկապէս Հալէպը եղած է սփիւռքեան տարբեր գաղութներու հոգեւոր, կրթական եւ մշակութային մշակներ տրամադրող օճախը, իսկ այժմ, ժամանակն է, որ մենք զօրակցինք անոր:
Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան նշեց, որ ամբողջ հայութիւնը վերջին տարիներուն խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի Սուրիոյ ու Հալէպի վիճակուած ահաւոր իրադարձութեանց, աւելցնելով, որ Արեւմտեան թեմը պիտի շարունակէ տէր կանգնիլ Սուրիոյ հայրենակիցներուն:
Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ Խաժակ Տիքիճեան իր խօսքը կեդրոնացուց երեք գլխաւոր մտածումներու վրայ` քաջութիւն, տոկունութիւն եւ ազգային համահայկական կարեկցութեան ոգի, հաստատելով, որ Շահան սրբազանը մէկ մարմնաւորումն է քաջութեան այն արժանիքին, որ ունի շրջանի հայութիւնը: Ան նկատել տուաւ, որ վերջին տարիներուն սրբազանը ժողովուրդին հետ քաջաբար կը դիմակալէ ամէն դժուարութիւն, կ՛առաջնորդէ հայկական գաղութին դիմադրական պայքարը` շահելով ժողովուրդին համակրանքն ու յարգանքը: Ան նաեւ հաստատեց, որ թեմը պիտի շարունակէ զօրակցիլ Սուրիոյ:
Հալէպի հայկական վարժարաններու շրջանաւարտից միութեանց անունով Զարուկ Տէր Դաւիթեան հաւաստեց, որ հայութիւնը մօտէն կը հետեւի ու քաջածանօթ է Սուրիոյ ծանրակշիռ դէպքերու զարգացումներուն, հաստատելով, որ զօրակցական կեցուածքը պիտի մնայ անփոփոխ:
Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան մարմինին անունով խօսք առաւ Վազգէն Մատէնլեան: Ան շեշտեց, որ Սուրիոյ հայութեան տառապանքներուն բաժնեկիցի զգացումներու կողքին, անհրաժեշտ է գործնական աջակցութիւն ցուցաբերել: Վ. Մատէնլեան հաստատեց, որ յառաջիկայ օրերուն Քալիֆորնիոյ հայկական վարժարաններու աշակերտները հանգանակային արշաւներու պիտի դիմեն` գործնապէս զօրակցելու համար Սուրիոյ հայկական վարժարաններու իրենց ընկերներուն: Ան կոչ ուղղեց, որ գաղութի զաւակները մասնակցին հանգանակային այդ աշխատանքին:
Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան իր կարգին շեշտեց, որ սրտակցութեան ու ցաւի զգացումներուն պէտք է ընկերացնենք գործնական զօրակցութիւնը: Ան պարզեց, որ Շահան սրբազան յատուկ եւ նուիրական առաքելութեամբ մը կը գտնուի Արեւմտեան թեմ, Սուրիոյ վարժարաններուն աշակերտներուն համար օժանդակութիւն ապահովելու նպատակով: Ան կոչ ուղղեց անսալու եւ ընդառաջելու Սուրիահայութեան օժանդակութեան միացեալ մարմինի բոլոր նախաձեռնութիւններուն ու զօրակցական արշաւներուն:
Աւարտին շնորհակալական եւ երախտագիտութեան խօսքով ելոյթ ունեցաւ Շահան արք. Սարգիսեան: Ան հաստատեց, որ հայկական սփիւռքը եւ մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու հայութիւնը մեծ նպաստ տրամադրած է Սուրիոյ հայութեան, ուր սակայն կարիքը մեծ է: Ապա ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց ժողովուրդին դաժան առօրեան, հաստատելով, որ հակառակ այս ծանր վիճակին, ժողովուրդին մէջ վառ կը մնայ յոյսը եւ դիմադրական ոգին: Ան յատուկ կարեւորութեամբ վեր առաւ մեր վարժարաններուն դերն ու կարեւորութիւնը, ընդգծեց, որ հայ դպրոցը պէտք է բաց մնայ եւ շարունակէ մեր մշակոյթի օճախը ըլլալու իր վսեմ առաքելութիւնը:
* Հոկտեմբեր 15-ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիպում մը` Բերիոյ թեմի առաջնորդ եւ Սուրիոյ շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինի ատենապետ Շահան արք. Սարգիսեանի հետ, ներկայութեամբ աւելի քան 600 հայորդիներու:
Օրուան հանդիսավար Քնար Գորթոշեան իր խօսքին մէջ ներկաներուն յիշեցուց, որ Ցեղասպանութենէն առաջ եւ մանաւանդ ետք, սուրիահայ գաղութը ապրած է հայ կեանքի կշռոյթով` դառնալով մշակոյթի դարբնոց, ազգապահպանման ամրոց, մայր գաղթօճախ եւ վերածնունդի առաջին օրրան, մեծ դեր կատարելով սփիւռքահայ գաղութներու կազմաւորման մէջ:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ «Հալէպ` ներկայիս» տեսերիզը, որմէ ետք Սուրիահայութեան օժանդակութեան միացեալ մարմինի փոխատենապետ Րաֆֆի Քենտիրճեան խօսք առնելով` լայնօրէն անդրադարձաւ վերոնշեալ մարմինին ցարդ կատարած իրագործումներուն, յայտնելով, թէ նոյն աշխատանքը պիտի շարունակուի աւելի մեծ թափով:
Ապա ներկաները դիտեցին «Սուրիոյ հայ դպրոցը` ներկայիս» տեսերիզը, որուն մէջ կը ներկայացուէր հինգ վարժարաններու աշակերտութեանց Ազգային Կիւլպէնկեան վարժարանի մէկ շէնքին մէջ հաւաքուելով դասաւանդութիւններու շարունակուիլը, որովհետեւ միւս վարժարանները ռմբակոծումներէ վնասուած են եւ կը մնան ամայի:
Ապա խօսք առին ժողովրդային հանդիպումի հովանաւոր յարանուանութեանց ներկայացուցիչները, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ` հայր Թովմաս Կարապետեան եւ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ կողմէ` պատուելի Հենրիկ Շահնազարեան, որոնք իրենց կարգին սրտակցութիւն յայտնեցին եւ հայ դպրոցը բաց պահելու զօրակցութիւն խոստացան:
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան խօսք առնելով` դրուատեց Բերիոյ թեմի առաջնորդին` Շահան արք. Սարգիսեանի անձը, շեշտելով, որ անոր կատարած հովւութիւնը հերոսական արարք է:
Տեսերիզի վերջին ցուցադրութեամբ, ներկաները ականատես եղան «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ ներկայացուած գեղարուեստական յայտագիրին, Ս. Թարգմանչաց Տօնի առիթով, ու վկայեցին հալէպահայ աշակերտին ու ծնողներուն յոյսի ու հաւատքի զօրութեան եւ տագնապալի օրերու բերումով` աւելի զօրացած նկարագիրն ու կամքը:
Շահան արք. Սարգիսեան խօսք առնելով` կեդրոնացաւ սուրիահայութեան ներկայ իրավիճակին, անոր կարիքներուն եւ մասնաւորաբար հայ դպրոցի ներկայ իրավիճակին վրայ: Ան սուրիահայութեան անունով երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մարմիններուն եւ անհատներուն, որոնք սատարած են դրամահաւաքին: Զօրաշարժի կոչով մը ան հրաւիրեց ներկաները հայութեան ողնասիւնը զօրաւոր պահելու, հայ կրթական օճախը վառ պահելու, որովհետեւ հայը հայ պահելու հիմնական սիւնը հայ վարժարանն է:
Աւարտին ելոյթ ունեցաւ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, որ գնահատեց Սուրիահայութեան օժանդակութեան միացեալ մարմինին աշխատանքները եւ ժողովուրդի զաւակները, որոնք իրենց բաժինը ունեցան անցնող տարիներուն ուղարկուած օժանդակութեանց մէջ: Ան ցաւ արտայայտեց Սուրիոյ ու հայութեան վիճակուած տագնապալի կացութեան մասին եւ կոչ ուղղեց զօրակցելու հայ դպրոցին` վերահաստատելով գաղութին զօրակցութիւնն ու սրտակցութիւնը սուրիահայ գաղութին:
Հանդիպումի աւարտին եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին ներկաները առիթ ունեցան Շահան սրբազանէն իմանալու յաւելեալ մանրամասնութիւններ` Հալէպի եկեղեցիներուն, ազգային կառոյցներուն եւ ընդհանրապէս իրենց հարազատներուն դիմագրաւած ներկայ դժուարութեանց մասին:
Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
* Շահան արք. Սարգիսեան այցելեց նաեւ Շամլեան, Ֆերահեան, Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպպոս, Գրուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական վարժարանները:
Սուրիա
Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ Համաժողովի Զեկոյց`
Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Մարմիններուն
Կազմակերպութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի եւ Ազգային երեսփոխանական ժողովին, հրաւէրով` Ազգային վարչութեան, 6 հոկտեմբերին Հայաստան-սփիւռք 5-րդ համաժողովի Սուրիոյ մասնակիցները ժողովին մասին համառօտ զեկոյց ներկայացուցին Հալէպի Ազգ. մարմիններու ներկայացուցիչներուն:
Ազգային վարչութեան ատենապետ մեթր Սունպուլ Սունպուլեան յայտնեց, թէ սոյն հանդիպումը կը միտի թեմի ազգային մարմինները իրազեկ դարձնել հայրենիք-սփիւռք համաժողովի օրակարգին, Հայաստանի հիմնախնդիրներուն կապակցութեամբ տեղի ունեցած ելոյթներուն եւ կատարուած քննարկումներուն, ինչպէս նաեւ` ներկայացնել առաջնորդ սրբազան հօր յառաջիկայ շրջագայութեան նպատակը:
Բացման խօսքով Ազգային վարչութեան անդամ Մարալ Սեմերճեան անդրադարձաւ շրջանին քաղաքական, ապահովական, տնտեսական եւ կենցաղային ծանր պայմաններուն եւ անոնց լոյսին տակ ազգային մարմիններու շարունակուող գործունէութեան. ապա նշեց, որ սուրիահայութեան իրավիճակի քննութիւնը միայն մեր` սուրիահայերուս ուշադրութեան առարկան չէ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւս տարբեր մակարդակներու իր մարմիններով կարեւոր կը նկատէ սուրիահայութեան զօրավիգ կանգնելու հարցը:
Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ, համաժողովի մասնակից Ժիրայր Րէյիսեան անդրադարձաւ համաժողովի նիստերուն, մասնակիցներուն, այցելութիւններուն, հանդիպումներուն Հայաստանի նախագահին եւ սփիւռքի նախարարին ջերմ ընդունելութեան, ինչպէս նաեւ սուրիահայութեան խնդիրներու լուծման նպաստելու անոնց անվերապահ պատրաստակամութեան ու զօրակցութեան: Ան յատկապէս անդրադարձաւ բացման հանդիսութեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.ի ելոյթին, ուր վեհափառ հայրապետը ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին Սիսի հայապատկան եկեղեցական կալուածներուն գծով Թուրքիոյ դէմ դատական հայց ներկայացնելու որոշումը: Զեկուցաբերը մանրամասնօրէն անդրադարձաւ սուրիահայութեան հիմնախնդիրներու նիստին, այնտեղ կարդացուած զեկոյցին ու առաջադրանքներուն` սուրիահայերու իրավիճակին, սպասումներուն հետ կապուած, որմէ ետք նաեւ անդրադարձաւ տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններուն, հարցադրումներուն, քննարկումներուն ու գործնական լուծումներու հետ կապուած առաջարկներուն, ինչպէս նաեւ հայրենիքի մէջ սուրիահայութեան օժանդակութեան առնչուող զեկոյցներուն: Ժիրայր Րէյիսեան անդրադարձաւ նաեւ սուրիահայութեան պատուիրակութեան Հայաստանի նախագահին հետ ունեցած հանդիպման, նախագահին դրական եւ սրտակից մօտեցումին, ապա նաեւ` քննարկուած հարցերուն: Այնուհետեւ ներկաները լուսաբանական հարցումներ ուղղեցին` արդիւնքներուն եւ գործնական աշխատանքներուն հետ կապուած: Ապա խօսք առաւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, որ հաստատեց, թէ սուրիահայութեան հարցը այս ժողովին շնորհիւ համահայկական աւելի լայն հնչեղութիւն ստացաւ, շեշտելով, որ անհրաժեշտ է կեդրոնացնել մեր ուժերը, կատարել ճշգրիտ քարոզչութիւն եւ առանց ընկրկումի հասնիլ ժողովուրդի բազմապիսի կարիքներուն: Անդրադառնալով համաժողովին` սրբազան հայրը նշեց, թէ Սուրիոյ իրավիճակը, մարտահրաւէրները, առաջարկներն ու սպասումները ներկայացուեցան ամենայն մանրամասնութեամբ:
Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազանը ներկայացուց յառաջիկայ շաբաթ սուրիահայութեան խնդիրներուն զօրակցութեան ի նպաստ իր նախատեսած շրջագայութիւններն ու անոնց ընթացքին իրականանալի կարգ մը աշխատանքներն ու հանդիպումները:
Մշակոյթի Օրուան Տօնակատարութիւններ
Թեհրան
* Հոկտեմբեր 9-ին Թեհրանի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ գիրքի 12-րդ ցուցահանդէս-վաճառքը` նուիրուած Մեծ եղեռնի 100-ամեակին:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, եւ ելոյթ ունեցաւ թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան:
* Հոկտեմբեր 10-ին, Հ. ուս. «Չհարմահալ» միութեան «Յ. Թումանեան» սրահին մէջ նշուեցաւ Հայ մշակոյթի օրը: Գեղարուեստական բաժնով ելոյթ ունեցաւ Հ. ուս. «Չհարմահալ» միութեան «Լուսաբեր» ասմունքի խումբը, «Կակաչ» պարախումբը` ղեկավարութեամբ Արուս Սարգիսեան-Աւագեանի եւ «Ուրարտու» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Սերժիկ Միրզայեանի եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ժոզեֆ Տէր Գալստանեանի: Օրուան բանախօս, բանաստեղծ Վարանդ անդրադարձաւ մշակոյթ հասկացողութեան` շեշտելով սեփական մշակոյթին կառչած մնալու եւ նոր սերունդին դէպի ուրոյն մշակոյթ ուղղորդելու անհրաժեշտութիւնը: Շնորհաւորական եւ շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ միութեան կեդր. վարչութեան նախագահ Նիկոլ Մուսախանեան: Աւարտին թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան գնահատանքի խօսք ուղղեց Հ. ուս. «Չհարմահալ» միութեան` հայ մշակոյթին նուիրուած ձեռնարկներ կազմակերպելու կապակցութեամբ:
* Հոկտեմբեր 11-ին Ս. Թարգմանչաց տօնի եւ Թեհրանի Սասուն քաղաքամասի Ս. Թարգմանչաց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնի առթիւ Ս. Թարգմանչաց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, որուն աւարտին եկեղեցւոյ կից «Շաղուլեան» սրահին մէջ կատարուեցաւ Հայ գիրքի ցուցահանդէս-վաճառքի բացում` ձեռամբ սրբազան հօր:
Նոր Ջուղա
*Հոկտեմբեր 11-ին Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքի Ս. Յովսէփ Արեմաթացու անուան եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, որուն յաջորդեց վանքի Խաչատուր վրդ. Կեսարացիի անուան թանգարանի մուտքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Աւարտին առաջնորդ սրբազան հայրը իր հայրական պատգամը ուղղեց ներկաներուն:
Վրաստան
* Հոկտեմբեր 11-ին Թիֆլիսի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Աւարտին ներկաները այցելեցին հայ գրողներու եւ հասարակական գործիչներու Խոջիվանքի պանթէոն, ուր կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ: Մանուկ քհնյ. Զէյնալեան խօսք առնելով` անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ սուրբ թարգմանիչներուն ունեցած դերակատարութեան: Այնուհետեւ վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի Գալուստ Կիւլպէնկեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: «Ներսէս Շնորհալի» պատանեկան երգչախումբը հանդէս եկաւ համերգով` նուիրուած Թարգմանչաց տօնին եւ երգչախումբի կազմաւորման երրորդ տարեդարձին: Վիրահայոց թեմի մշակոյթի բաժնի տնօրէն եւ «Հայարտուն» կեդրոնի ղեկավար Լեւոն Չիդիլեան երախտագիտական խօսքեր ուղղեց մասնակիցներուն:
* Թարգմանչաց տօնին առիթով պատարագ մատուցուեցաւ նաեւ Ախալքալաքի, Նինոծմինդայի, Ախալցխայի, Ծալկայի, Թեթրիծղարոյի, Մառնէուլիի եւ Պաթումի եկեղեցիներուն մէջ: