Հայ-Թուրք Շարժապատկերի Հարթակը Բ. Բներգ, Գծագիր Եւ Հեռադիտակ

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Ա. մասի ամփոփում. –  «Հայ-թուրք կինոհարթակ»-ը իրականացուած է 2009-ին «Ոսկէ ծիրան»-ի եւ «Անատոլու քիւլթիւր» կազմակերպութեան գործակցութեամբ: Քաղաքական իմաստով մաս կը կազմէ «Բեմադրիչներ առանց սահմաններու» ծրագրին: Ելոյթները ցոյց կու տան, որ հայ եւ թուրք կողմերը տակաւին անծանօթ են «միւս»-ին մշակոյթին: «Ոսկէ ծիրան»-ի հիմնադիր տնօրէն Յ. Խաչատրեան 2009-ին աւարտած էր «Սահման» ժապաւէնը:

Կալա եւ բներգ.- Հարթակը 2009-ին հանրութեան ներկայացաւ Պոլսոյ մէջ, իր հովանաւորած հինգ ժապաւէններով:

Սահմանի թեման (բներգ) առկայ է հինգ ժապաւէններէն երեքին մէջ: 

  1. 5538641285_63d0b1f6be_oՀարեւաններ (Komşular) Գոռ Բաղդասարեան, 4 վայրկեան: Հայկական թշուառ գիւղ մը սահմանին այնքան մօտ է, որ հայեր կ’արթննան թրքական աքաղաղներու կանչով: Հայ գիւղացիներ կը յուսան, որ սահմանին բացումը տնտեսական բարօրութիւն բերէ: Բայց ժապաւէնին ենթագիրը ոչ թէ գիւղացիներուն խօսքերու թարգմանութիւնն է, այլ` բեմադրիչին բացայայտ եւ մերկ մեկնաբանութիւնը: Նկարին մէջ կ’երեւին հայ լաճեր եւ թրքական գիւղի կտուրները:
  2. Աղաւնիի Վարպետներ (Güverçin Ustalari) Արթուր Սուքիասեան, 41 վայրկեան:

Գիւմրիի աւերակ թաղերէն մէկուն մէջ շուրջ վաթսունամեայ անխնամ տեսքով Անդօ կ’ապրի մինակ: Աղաւնիներ կը բուծանէ եւ կը փորձէ ծախել Եօթը Վէրք եկեղեցւոյ դրան առջեւ: Աղաւնին (չափազանց  յստակ) խորհրդանիշ է սիրոյ եւ խաղաղութեան: Անդօ օթոսթոփով Կարս կ’երթայ գտնելու համար իր պապենական տունը: Բարեկամները կ’օրհնեն ուխտաւորութիւնը: Այսինքն Անդօ  ձեւով մը «պատուիրակ» է: Գիւմրի եւ Կարս հանդիպակաց քաղաքներ են: Բայց Անդօ պարտադրուած է անցնիլ Վրաստանի տանջալից ճամբով: Իրեն հետ կը տանի զոյգ մը սպիտակ աղաւնի: Կարսի մէջ կը տեսնէ տխուր Ս. Կարապետը, անառիկ բերդի պատմական թնդանօթը (որ Կարմիր ժամուն չկրակեց), եւ` քիւրտ մը, որ կ’երգէ «Աման Թելլօ»: Բայց` ո՛չ իր հօրենական տունը: Կը տեսնէ մանաւանդ բարեկամութեան յուշարձանը, որ Կարսի քաղաքապետը զետեղեց, եւ որ Էրտողան «արտառոցութիւն» համարեց եւ հրամայեց վերացնել: Հետեւելով աղաւնիներու թռիչքին` Անդօ կը հասնի ֆիտայանման աղաւնիի վարպետի մը: Քիւրտը առոյգ է, կենսունակ,  իսկ հայը յոգնած ու կքած: Քիւրտը կը սափրէ անխնամ հայը` (մեկնաբանութի՞ւն): ժապաւէնին ամէնէն սրտառուչ տեսարանին մէջ երկու վարպետները կը փորձեն իրարու հետ խօսիլ, բայց ոչ մէկ բառ կը հասկնան իրար լեզուէ  (փոխաբերական պատկեր): Աւարտական տեսարանին մէջ քիւրտը խորհրդանիշ  աղաւնիի ոտքին կը կապէ հայու պապենական տունը գտնելու աւետիսը եւ կ’արձակէ դէպի երկինք: Աղաւնին դիւրաւ կրնանք զատորոշել, որովհետեւ քիւրտ աղաւնիները գունազարդ, գէր եւ «թագակիր» են, մինչ հայուն աղաւնիները` լղկուկ եւ «ճաղատ»: (Բայց ինչո՞ւ, ինչո՞ւ):

  1. Տիկնիկային թատրոն (Kukla Teatrosu) Ճանայ Էօզտեն եւ Ալթան Պալ, 13 վայրկեան (չեմ յաջողած դիտել): Գիւմրիի Տիկնիկային թատրոնին մասին վաւերագրական կարճ ժապաւէն, նկարուած` մարդոց կողմէ որոնք եկած են սահմանի հանդիպակաց կողմերէն:
  2. 5539221234_a4542e86e5_oՄի՛ Կորչիք, երեխաներ (Kaybolmayin oçuklar) Կիւլենկիւլ Ալթընթաշ, 51վ: Ոչ ոք այսօր կը յիշէ Թուզլա կղզիին վրայ գտնուող «Արմէն քեմփ» որբանոցը, ուր մնացած են շուրջ 1500 մանուկներ: Նախկին որբերէն մէկը (աջին) կը գտնէ կորած, կիսաւեր շէնքը, ուր չքաւոր ծերունի մը կ’ապրի (ձախին) իր աղջկան ու թոռան հետ: Հայը կ’ըսէ, թէ եկած է սպասելու իր քոյրը: Նշանակալին ա՛յն է, որ Հրանդ Տինք ոչ միայն եղած է «Արմէն քեմփ»-ի որբերէն մէկը, այլեւ հետագային 3 տարի վարած է անոր տնօրէնի պաշտօնը: Արթուր Սուքիասեան նոյն թեման այս տարի որպէս վաւերագրական ժապաւէնի ծրագիր Հարթակին ներկայացուցած էր «Our Atlantis» վերնագրով:
  1. Կալաթա.- Դիանա Կադրումեան, 10 վայրկեան: Կը հետեւինք զբօսաշրջական հրապոյր վայելող հանրակառքին, որ Թաքսիմի հրապարակէն կ’ուղղուի դէպի «Թիւնել»: Պոլսոյ խորհրդանիշ դարձած զբօսաշրջիկներով լեցուն Կալաթա աշտարակի շրջական կ’եռայ ուսանողներով եւ երիտասարդ զոյգերով (այո՛, եղած եմ այդ խճողումին մէջ): Բեմադրիչը կը հետեւի զոյգերէն մէկուն:

Հարթակի կալան եւ «Ոսկէ ծիրան»-ի «Սահմանը» ժամանակագրականօրէն կը զուգադիպին ֆութպոլի քաղաքականութեան: Ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ չորս բեմադրիչներու մուսաները զուգադիպին քաղաքագէտներու ծրագիրներուն: Կրնա՞յ ըլլալ, որ ատիկա արդիւնք է «արտազգայնական ընկալման» (ESP): Թէ՞ Հարթակի դատակազմը պարզապէս որոշեց հովանաւորել ա՛յն ծրագիրները, որոնք համահունչ էին քաղաքական օրակարգին: Միթէ ա՞յս է յանձնառու արուեստը:

Առաջնեկը.- Մինչեւ 2011 ապրիլ Հարթակը ստացած էր 30 ծրագիր-նախագիծ: Քիչեր զարմացան, երբ 30 հազար տոլարի «մեծ պարգեւ»-ը ստացաւ Հրանդի զարմուհի Լուսին Տինք եւ Սոներ Ալփեր զոյգը: Ծրագրին նիւթն էր Սարոյեանի (այսուհետեւ Ս.) 1964-ի ուղեւորութիւնը եւ կոչուէր «Wonderful, Very Nice: Ճամբորդութիւն Ամերիկայէն Պիթլիս»: Ս.-ի ընկերակցած է «Մարմարա»-ի խմբագիր Պետրոս Զոպեան: ժապաւէնը հետագային վերանուանուեցաւ «Սարոյեանի երկիրը»:  Չարամիտներ այստեղ կրնան տեսնել Սարոյեան – Տինք անուններու շահարկում:

Դատական կազմի յատուկ մրցանակը ստացաւ Արթուր Բախտամեանի «Տարեմուտի վերջին երթը», որ մրցանակը ստանալէ ետք անշշուկ անհետացած է:

Նկատել, որ ընտրուած 2 ժապաւէններ, ինչպէս նաեւ` կալայի ընթացքին ցուցադրուած 5 ժապաւէններէն 4-ը,  հայկական թեմաներ ունին: Հաշուետախտակը ցոյց կու տայ 6:1` ի նպաստ հայկական կողմին: Ի դէպ, «Կալաթա» քաղաքական գետնի վրայ չափազանց անմեղ է:

HB_saroyan-dinkԼ. Տինքի ժապաւէնը նոյն տարին ստացած է «Հայկական համայնապատկեր»-ի «Արծաթ ծիրան»-ը: Իր շուրջ ստեղծած է որոշ հետաքրքրութիւն:

Սարոյեանի երկիրը.- 2013, 79 վայրկեան: Բեմադրիչ եւ բնագրի հեղինակ` Լուսին Տինք, արտադրիչ` Սոներ Ալփեր եւ Լուսին Տինք: «Սթիւտիօ Նառ ֆիլմ»,  թրքերէն, անգլերէն եւ հայերէն: Խաղարկութիւն Արթուր Նորիկեան` Ս.-ի մանկութիւնը, Սեւինչ Էրոլ` Ս.-ի մայրը, Ռոյ Էրզուրումլու` Ս.-ի եղբայրը, Գէորգ Մալիքեան` Ս.-ի քեռին, Ալի Պայրամօղլու՝ Ս.-ի կռնակը:  Վերջինը սրամտութիւն չէ: Բեմադրիչը երբեք ցոյց չի տար Ս.-ի դէմքը: (Որմազդը կը յիշեցնէ H. G. Wells-ի «Անտեսանելի մարդ»-ը: Բայց ինչո՞ւ): Ըստ Լ. Տինքի, «եթէ ոեւէ մէկը խաղար անոր կերպարը, այդքան լաւ չէր ստացուեր»:

Բեմադրիչը յաջողած է գտնել Ս.-ի մեծ մօր տունը, բայց հակառակ տեղացիի մը պնդումներուն` չէ փափաքած տեսակցիլ իսլամացած հայերու հետ: Անոնցմէ մէկուն հայրը իմամ էր: «Այդ ամէնը ինծի համար տիլեմա էր», կ’ըսէ Լ. Տինք:

«Ակօս»-ի մէջ լոյս տեսած ակնարկը կ’ըսէ. «Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ այս գրութիւնները Անատոլուէն քիլոմեթրեր հեռու գրուած են, բայց այսուհանդերձ, այսքան Անատոլու կը հոտին: Իսկ ժապաւէնին մէջ մեր տեսած Սարոյեանի դիմաստուերը  (silueti) ստուերներու (hayal) միջեւ կ’երթեւեկէ» (շեղակի բառերը կրկնելու յօժարեցայ թրքերէն բնագրին հարազատ մնալու մտահոգութեամբ, ՀՊ):

Թրքական աղբիւր մը նուազ խանդավառ է: Կ’ըսէ, թէ Ս.-ի ընկերակցած է անոր ընկերը` Ֆիքրեթ Օթիամ: Թէ` ներքին  նկարահանումները եղած են Պոլսոյ կօշիկի գործարանի մը մէջ: Կ’առարկէ, թէ ժապաւէնը ոչ մէկ տեղեկութիւն կու տայ Ս.-ի կեանքին մասին: Իսկ ըստ Լ. Տինքի, Պիթլիսի մէջ բոլորը կը ճանչնային Ս.-ը: Մեկնաբանութիւնը կը ձգեմ ընթերցողին:

Խոտոր առաջնահերթութիւն.–  Հարթակը մէկ տարուան ընթացքին կը ստանայ 30-40 ժապաւէնի ծրագիր: Դատակազմը կը կազմէ 9-10 անունէ բաղկացած «կարճ ցանկ» մը: Աշխատանքներուն հետեւիլ փափաքողներուն համար կան տաղտկալի դժուարութիւններ: Ծրագիրները յաճախ անուն կը փոխեն, ինչպէս տեսանք «Սարոյեան երկրի» պարագային: Տեւրիմ Աքքայա իր ծրագիրը ներկայացուցած էր որպէս «Gavurun Torunu Ermeni Dedem» (թարգմանութեան չի կարօտիր), իսկ ժապաւէնը կը կոչուի «Տիյար»: Օրինակները բազմաթիւ են: Երկրորդ հարցը այն է, որ վերնագիրները տառացի չեն թարգմանուիր: Հարկ է քննել իւրաքանչիւր ծրագրի կամ ժապաւէնի պարունակութիւնը: Բան մը, որ միշտ կարելի չէ: Հայկական ցանկերը կը ներկայացնեն բեմադրիչին անունով, իսկ թրքականները` արտադրիչին: Նոյն ծրագիրը կարելի է տեսնել 4 ձեւով: Հաւանականութիւններու թիւը կրնայ անցնիլ մէկ միլիոնը (4^10): Կ’ըսուի, թէ մոգերը թալիսմանային մեհենագրեր կը գործածէին, որպէսզի ամէն պատահական ռամիկ չկարենար գրաճանաչ դառնալ եւ տիրանալ տաճարի գաղտնիքներուն(1): Վարի պատկերը կազմած եմ տանջալի «հետազօտութենէ» ետք:

HB_KdzakirՈւշագրաւ է, որ «կարճ ցանկերը» իրարու կրկնօրինակները չեն: Նոյնիսկ այն բախտաւոր պարագային, երբ ներառուած անունները նոյնն են, ապա առաջնահերթութիւնը գրեթէ ուղղակի գլխիվայր շրջուած է:  Գծագիրը կ’ամփոփէ երկու զոյգ ցանկերու  (10+9) համեմատականը: Նկատել, որ թրքական ցանկին վրայ առաջնահերթ անունները հայկական ցանկին վրայ «վերջնահերթ» են (վերի ձախ անկիւն): Ասիկա հայկական առաջնահերթ անունները թրքական խտրականութեան ենթակայ չեն (վարի աջ անկիւն): Ասիկա ցոյց կու տայ, որ փոխադարձ տրամադրութիւնները ընկալելու գործընթացին մէջ հայեր աւելի «զգայնոտ» են, քան թուրքերը: Քառակուսիով ցցուն կէտը «Ընկեր Փարամազ»-ն է որ թրքական ցանկին վրայ կը գրաւէ երկրորդ տեղը, իսկ հայկականին վրայ` տասներորդ (2:10): Կլոր սկաւառակը «Ծիածան»-ն է, որ թրքական ցանկին առաջին, իսկ հայկականին վերջին անունն է (1:9): Եռանկիւնով ցցուն ժապաւէնը «Քարքարոտ արահետներ»-ն է (9:2): Ցանկերը յանձնած եմ  խմբագրութեան:

Մրցանակակիրներ.–  Հարթակին հովանաւորած ժապաւէնները ճարելու փորձերը եղան ապարդիւն: Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակը անտեսեց ժապաւէնները ապահովելու խնդրանքը: Ազգային կինոկենտրոնը դիտել տուաւ, որ գոյ է  հեղինակային իրաւունքի հարց: Տեղեկութիւնները խառնաշփոթ եւ կցկտուր են: Կարելի է խօսիլ ա՛յն ժապաւէններուն շուրջ, որոնք հետաքրքրութիւն ստեղծած են  լրատուական միջոցներու մէջ: Թրքական մետիան շատ խանդավառ է, օրինակ, «Ziazan»-ով: «Թրքական կարճամեթրաժ ժապաւէնը կը բանայ սահմանները»  կ’ըսէ «Հիւրրիյէթ»-ի վերնագիրը: «Ծիածան» անուանումը անշուշտ որ քաղաքական է: Բայց ի՞նչ է արդեօք այն ամենակարող ուժը, որ ջրհեղեղէ (իմա` կոտորած) ետք հաշտութեան այդ գօտին պարզած է հայ-թուրք երկնակամարին վրայ: Թերեւս Արդարութեան եւ բարգաւաճման դիցութի՞ւնը:

«Ծիածան»-ը (15 վ.)  բեմագիր, բեմադրիչ եւ համաարտադրիչը դերասանուհի Տերիա Տուրմազի առաջին ժապաւէնն է: Ուշագրաւ է Տուրմազի մասնագիտութիւնը` «Մարդկային իրաւունքներու օրինսգիտութիւն»: Ուշագրաւ է նաեւ ֆինանսաւորումը: Հարթակի կողքին, նպաստ ստացած է թրքական մշակոյթի նախարարութենէն: «Հըլա մի րոպէ», այս իր ստացած երկրո՛րդ  նպաստն է սոյն նախարարութենէն: Արժանացած է նաեւ «Աթիֆ Եըլմազ» մրցանակին:

HB_ziazan-dunya-promeyine-paris-te-yapiyor-ժապաւէնը ցոյց կու տայ 4 տարեկան հայ աղջնակ մը, որ իր «պաւուլի վաճառական» հօրեղբօր  պայուսակներէն մէկուն մէջ պահուըտած` Վրաստանի վրայով Թուրքիա կ’երթայ, որպէսզի կարենայ շոքոլա ճարել: Ընկերները սպառնացած են զինք մեկուսացնել, եթէ զիրենք թրքական շոքոլայով մատակարարելէ դադրի:  Տուրմազ կ’ըսէ, որ այդ երթեւեկին մասին կարդացած է «Daily News»-ի մէջ (այո՛, խալխի առջեւ ծանակ ենք): Թէ՞ «Ծիածան»-ի պատմութիւնը ծնած է երկու երկիրներու միջեւ առկայ «անհեթեթ կացութենէն»: Բարոյական. Հայաստանի տնտեսութեան անմխիթար վիճակը մարդիկ կը մղէ  ստորնացուցիչ արարքներու:

«Ծիածան» այս տարի ստացած է Քաննի կարճամեթրաժ ժապաւէններու դատական կազմին մրցանակը: Ստացած է նաեւ հանդիսատեսի մրցանակը, «Լուրջ հարց մը` աղջնակի մը ընդմէջէն տաք, անկեղծ եւ յաջող ձեւով տալու եւ մանուկները յաջող լաւ բեմադրելուն համար»: Տուրմազ «Հիւրրիյէթ»-ի թղթակցին կ’ըսէ. «Մանուկները բոլորովին անգիտակից էին: Անոնց աշխարհը չէր, սեւցած  քաղաքականութեամբ: Անոնց հոգը չէր, թէ ո՛վ են այդ մարդիկը, եւ թէ ուրկէ՞ կու գային»:

Եըլմազ իրաւունք ունի: Չորս տարեկան աղջնակներ իրօք անգիտակից են: Անոնց խնամակալներն են այն անձիքը, որ զիրենք պէտք էր, որ զգուշացնէին «անծանօթներէ շոքոլա առնելէ»:

HB_filmfest14_045_01«Տիար» (Կեաւուրի Թոռները) .– (2013  71 վ.) ուշագրաւ է` սկսած բեմագիր-բեմադրիչի ինքնութենէն: Տեւրիմ Աքքայա պոլսաբնակ ալեւի քիւրտ եոկայի ուսուցչուհի մըն է: Անոր արհեստը  օգնելն է մարդոց, որոնք կորսնցուցած են իրենց հոգեկան խաղաղութիւնը: Ընտանիքը ապրած է Մալաթիա: Հօր մեծ հայրը` Եուսուֆ, հայ մըն է որդեգրուած` 1915-ին: Եուսուֆ որպէս անտէր դիակ` թաղուած է գերեզմանոցի մը մէկ անկիւնը: Աքքայա կ’երազէ աճիւններուն տալ պատշաճ գերեզման: Ասիկա փոխաբերական իմաստ ունի: Բեմադրիչը գիտակցաբար թէ ենթագիտակցաբար կ’ուզէ հարցը թաղել եւ հանգստանալ:

Բեմադրիչը իր հայկական ծագման մասին մանկուց իմացած է որպէս հեռու «հեքիաթ»: Ընտանիքին համար պատկանելիութեան հրատապ հարցը ա՛յլ էր: Այն, որ իրենք քիւ՞րտ էին, թէ՞ ալեւի: Քիւրտերու եւ ալեւիներու քաղաքական օրակարգերը հիմնովին տարբեր են(2): Աքքայա անհանգիստ է, որովհետեւ իր ծագումէն որեւէ ժառանգութիւն չէ փոխանցուած: «Ո՞վ էր այդ հայ մեծ հայրը,- կ’ըսէ թղթակիցի մը.- ես բնազդաբար կը զգայի, որ պատասխանը կապուած է այն մինակութեան եւ մերժումին հետ, որ ես կը կրէի: Այդ trauma-ն (վիրային ցնցում) տակաւին կը կրեմ»: «Այս ժապաւէնը հարցաքննութիւն մը պիտի ըլլայ» կ’աւելցնէ Աքքայա: Նկատել` հոգեբուժական, ոչ քաղաքական բառապաշարը:

Աքքայա կը կարդայ Այշեկիւլ Ալթընայի եւ Ֆեթհիյէ Չեթինի «Թոռներ»-ը եւ կը հասկնայ, որ իր տագնապը երկրի հիմնական հարցերէն մէկն է: «Տիար» արաբերէնէ թրքերէնի անցած` կը նշանակէ «հայրենի տուն»: Ներկայացուած ծրագիրը կը կոչուէր «Կեաւուրի թոռներ, հայ մեծ հայրս»: Բեմադրիչը, ըստ երեւոյթին, նպաստի արժանանալէ ետք, թեման ընդհանրացուցած է:

Օսմանեան կայսրութեան մէջ (եւ այլուր) 19-րդ դարէն առաջ գոյութիւն չէին կրնար ունենալ ոչ կրօնական գաղափարախօսութիւններ: Ազգային թէ այլ փոքրամասնութիւնները կը կազմակերպուէին որպէս այլափառ աղանդներ (ինչպէս դաժանօրէն հալածուած պաւղիկեանները)(3): Ալեւիներ պատմութեան ընթացքին իրենց մէջ ներառած են բազմաթիւ «փոքրամասնութիւններ»: Այս իմաստով ժապաւէնը առնչուած է թաքուն հայերու պատմական հոլովոյթին:

HB_1023Այս տարի ներկայացուած տասը ծրագիրներէն պիտի անդրադառնամ երկուքին: Անոր, որ դատակազ կազմի ընտրեալն էր,  եւ անոր, որ մեր նոր ծանօթն է:

Ընտրեալ ժապաւէնը. «Մեր Աթլանթիսը».– Վաւերագրական, 60 վայրկեան: Նախատեսուած պիւտճէ՝  100 հազար տոլար: Արթուր Սուքիասեան գիւմրեցի է: Նոյնինքն «Աղաւնու վարպետներ» ժապաւէնին բեմադրիչը: Վկայեալ է Երեւանի պետական համալսարանի մանկավարժական բաժանմունքէն: Աշխատած է Հայաստանի Հանրային ռատիոկայանի մէջ որպէս լրագրող-խմբագիր: Հետեւած է «Ոսկէ ծիրան»-ի «վարպետութեան դասընթացքներուն»: Այսինքն Հարթակի «տան տղան է»: Ներկայիս կը վարէ ֆիլմարուեստի նուիրուած ծրագիր մը ArmRadio կայանին մէջ: Նկարած է նաեւ  «Լռութեան հաճոյքը» (2013),  «Ութ րոպէ Հայաստան» (2011), «Երեւանի սիրուն տղայ» (2009) եւ «Հանդիպում» (2008) կարճամեթրաժ վաւերագրական ժապաւէնները: Սուքիասեան կրկին ձեռք պիտի առնէ Հրանդ Տինքի «Քեմփ Արմէն»-ը: Այս ժապաւէնը նոյնպէս կու տայ «Գառնուկ աղբեր»  … ներողութիւն, պիտի ըսէի` որբ քոյր եւ եղբօր  պատմութիւնը, որուն բեմագիրը եւ խաղարկային հերոսը նոյնինքն Գառնուկ Աղբերն է: Սուքիասեան նոյնիսկ մասնակցած է «Մի՛ կորչիք երեխաներ»-ու նկարահանումներուն:

«Այդտեղ իմացայ, որ Կարօ եւ Ֆլոր հեռանալէ 15 տարի ետք հրաշալի զուգադիպութեամբ մը կը հասկնան, որ իրենք քոյր եւ եղբայր են … Երբ շէնքը տեսայ, ինծի թուեցաւ, որ գեղեցիկ տատիկ մըն է, այնքան հիւանդ, որ չի կրնար շարժիլ եւ խօսիլ, բայց որ կը զգայ, թէ իր թոռնիկները եկած են իրեն հետ ըլլալու եւ զինք ուրախացնելու համար ®  Մենք կ’ուզենք քեմփը ցոյց տալ որպէս ապրող էակ, որ ունի զգացումներ եւ յիշողութիւններ, որոնք շէնքին մէջ տակաւին կը թռչին որպէս փսփսուքներ…»:

Արտադրիչը` Ժան Փիեռ Լակրանժ, կ’աշխատի ծանօթ «Arte» ընկերութեան մէջ որպէս բեմադրիչ:

HB_jivan«Պատերազմի տխուր նամակատարը».–  24վ., նախատեսուած պիւտճէ` 20 հազար տոլար:

Ջիւան Աւետիսեան ծնած է Ղարաբաղ, 1981-ին: Ուսանած է Երեւանի պետական համալսարանի թատրոնի եւ ֆիլմարուեստի բաժանմունքին մէջ: Աշխատած է Ստեփանակերտի Վահրամ Փափազեանի անուան թատրոնի եւ հեռատեսիլի կայանին մէջ: 2003 թուականէն ի վեր որպէս բեմադրիչ կ’աշխատի «Երկիր Մետիա» հեռատեսիլի ընկերութեան մէջ: Նկատել, որ ցարդ յիշուած անուններուն մէջ Աւետիսեան միակն է, որ ստացած է ֆիլմարուեստի մասնագիտական կրթութիւն:

Ամփոփում.- Սուրէն կը կորսուի, երբ 1992 թուականին ազերիներ կը գրաւեն գիւղը: Սուրէնին եղբայրը ազերի պատերազմական գերի մը` Զաքիր, կը տանի իր տուն, որպէսզի այլ հայ գիւղացիներ չխոշտանգեն զայն: Ապա հեռախօսով կը կապուի Զաքիրի հօր հետ եւ կը հանգստացնէ զայն: Զաքիր կը դառնայ ընտանիքի անդամ: Կ’օգնէ դրացի թիթեղագործ Միշային: Սուրէնին հայրը անոր կու տայ ռուսերէն Աւետարան եւ ազերպէյճաներէն Քուրան: Բայց Զաքիր չի բանար ատոնք: Ի վերջոյ կ’իմանան, որ կարելի է Սուրէնը փոխանակել Զաքիրի հետ: Զաքիր կը հեռանայ դժկամ` իրեն հետ տանելով Սուրէնին լուսանկարը եւ Քուրանը: Իր վերջին խօսքերն են` «Վկա՛յ Աստուած, որ պիտի չմոռնամ ձեր վերաբերմունքը»: Աւետիսեան կ’ըսէ, թէ (ինչպէս եւ`«Թեւանիկ»-ը) բեմագիրը կազմուած է համադրելով վաւերական պատահարներ: Ժապաւէնը ցոյց կու տայ, որ ծայրայեղ վայրագութիւնն ու ծայրայեղ հանդուրժողականութիւնը առկայ են կողք կողքի:  «Թեւանիկ»-ի մէջ կը տեսնենք, թէ մարտիկներ վայրագ են յարձակող ուժին հանդէպ, բայց հանդուրժող` Արամի ազերի մօր նկատմամբ: Պատգամը կը թուի ըլլալ այն, որ հայ-ազերի խաղաղ գոյակցութիւնը կարելի է:  Բայց դրակա՞ն է արդեօք այն գիրը, որ կը բերէ պատերազմի տխուր նամակատարը:

Նկատել, որ ի տարբերութիւն միւս մասնակիցներէն, Աւետիսեան ձեռք կ’առնէ հայ-ազերիական յարաբերութիւնները: Ծրագիրը չյաջողեցաւ նիւթական նպաստ ստանալ հայ-թուրք Հարթակէն: Թուրք-ազերի յարաբերութիւնները աւելի բարդ են, քան մենք կ’երեւակայենք:

Հեռադիտակ.- Կը նկատենք, որ ժապաւէններու նկարագիրը գերազանցօրէն քաղաքական է, իսկ նիւթերը` գերազանցօրէն հայկական: Ներկայացուած ծրագիրներու մէջ տակաւին չենք տեսներ հայկական կողմին համար հարցայարոյց բեմագրութիւններ, որոնք առնչուած ըլլան, օրինակ,  հայ կամաւորական գունդերուն եւ կամ Ռուբէնի: Կ’ենթադրեմ, որ այդ պահը պիտի չուշանայ:

Թրքական կողմը ցոյց կու տայ, որ հոգեպէս տրամադրուած է եւ կրնայ դիմագրաւել իր անցեալը, թէ` պատրաստ է երեւան բերել «պահարաններու մէջ փակուած կմախքները»:  Բայց թուրքեր թերեւս ապահով են, որ իրենց պետութեան գոյութենական վտանգ չի սպառնար: Թուրք մտաւորականներու համար անցեալի, յատկապէս օսմանեա՛ն անցեալի «պեղումը» վարկաբեր պերճանք է:  Հայ կողմը ունի՞ այդ  ապահովութիւնը: Ունի՞ մտաւորական «պերճանք» վայելելու բաւարար հարստութիւն: Մեր ամպիոններու պատմաբանական արտադրութիւնը լաւատեսութիւն չի ներշնչեր:

Կինոհարթակը  «երկխօսութեան» միակ ծրագիրը չէ: Կայ, օրինակ, «REPAIR» համացանցային հարթակը, որ, ո՜վ զարմանք, նոյնպէս կը գործակցի «Անատոլու քիւլթիւր»-ին հետ: Կայ «Հրանդ Տինք հիմնադրամ»-ը, որ կը ֆինանսաւորէ 18 «արհեստավարժ» մարդոց փոխանակման ծրագիր մը: Ցարդ ստացած է 36 դիմում Թուրքիայէն եւ 55` Հայաստանէն: «Շահաւոր բան մը այդտեղ կը կատարուի շուքին մէջ»:  Կայ նաեւ … շարքը երկար է:

Միով բանիւ, հարկ է Հարթակի աշխատանքները տեղադրել քաղաքական գործընթացի ընդհանուր պատկերին մէջ:

 

————————————————

 

  1. Փիւնիկեան դիւրիմանալի տառերը այդ իմաստով յեղափոխական էին:
  2. Քիւրտերը ունին անջատողական ուղղութիւն, մինչդեռ ալեւիներու պահանջները ընկերային եւ «ազգագրական» են: Քենան Էւրենի դաժան հարուածէն առաջ (1980) անոնց շուրջ մէկ տոկոսը գործօն էր ընդդիմադիր շարժումներու մէջ: «Տեւրիմ» կը նշանակէ` յեղափոխութիւն:
  3. Մերօրեայ աղանդները նոյնպէս աղերս չունին երկնքի եւ Ս. Գրային մեկնաբանութեանց հետ:
Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )