Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութիւն Կու Տայ Իրան
15 հոկտեմբեր 2014-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս հովուապետական երկշաբաթեայ այցելութեամբ մեկնեցաւ Իրան` այցելութիւն տալու Թեհրանի ու Նոր Ջուղայի ծխային եկեղեցիներ ու դպրոցներ, հանդիպումներ ունենալու թեմական մարմիններուն ու պետական պատասխանատուներուն հետ, նախագահելու մշակութային եւ կրօնական հանդիսութիւններու եւ իր պատգամը տալու ժողովուրդին:
Հոկտեմբեր 15-ին Արամ Ա. կաթողիկոս պաշտօնական դիմաւորութեան արժանացաւ իրանահայ երեք թեմերու առաջնորդներուն` Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանին, Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեանին, Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանին, ինչպէս նաեւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդական փոխանորդ Մակար եպս. Աշգարեանին, Իրանի խորհրդարանի զոյգ հայ երեսփոխաններուն, Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպանին, Թեհրանի հայոց թեմի Պատգամաւորական եւ Թեմական խորհուրդներու ներկայացուցիչներուն:
Օդակայանէն ուղղուելով դէպի Ս. Սարգիս առաջնորդանիստ մայր եկեղեցի` կաթողիկոսը ժողովրդային ընդունելութեան արժանացաւ եւ եկեղեցականաց դասի ու եկեղեցւոյ երգչախումբի թափօրին առաջնորդութեամբ մուտք գործեց եկեղեցի` Կանոնական աղօթքի համար: Ողջոյնի եւ բարի գալստեան խօսք ուղղելով` Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան` օրհնաբեր եւ պատուաբեր այս այցելութիւնը պատեհ առիթ համարեց հովուապետ եւ հօտ հանդիպման:
Արամ Ա. կաթողիկոս ողջունեց թեմակալ երեք առաջնորդները` իրենց ազգային իշխանութիւններով, ժողովական մարմիններով եւ ազգային կեանքին մէջ գործող բոլոր կազմակերպութիւններով, դիտել տալով, որ միասնական այս պատկերին մէջ կ՛արտացոլայ այն միութիւնը, որ պէտք է արտայայտուի համայն հայութեան կեանքին մէջ, յատկապէս` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախապատրաստական այս օրերուն: Իր խօսքը ժողովուրդին ուղղելով` ան շեշտեց քրիստոնէական հաւատքին կարեւորութիւնը եւ անոր առանցքային դերը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Կանոնական աղօթքէն եւ հայրապետական անդրանիկ պատգամէն ետք տեղի ունեցաւ աջահամբոյր` Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ: Երեկոյեան կաթողիկոսը ներկայ եղաւ Թեհրանի հայոց թեմի Պատգամաւորական ժողովին, որուն մասնակից էին նաեւ կրօնական, թեմական խորհուրդներն ու հաշուեքննիչ մարմինը:
Այցելութիւն Սառի Եւ Գորգատ Համայնքներ
Հոկտեմբեր 16-ին Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Իրանի Սառի կոչուող շրջանը: Քաղաքի մուտքին համայնքին պատասխանատուները դիմաւորեցին վեհափառը եւ ապա միասնաբար ուղղուեցան համայնքին հաւաքավայրը հանդիսացող դահլիճը: Այնտեղ հերթաբար խօսք առին գաղութի պատասխանատու մարմինի ատենապետն ու առաջնորդ սրբազանը: Վեհափառը իր խօսքին մէջ նախ գնահատեց Սառիի փոքրաթիւ գաղութին կապուածութիւնը Հայ եկեղեցւոյ ու հայկական արժէքներուն: Ան յորդորեց ամրօրէն կառչած մնալու հայկականութեան եւ անոր անդաստանին մէջ գտնուող բոլոր արժէքներուն:
Նոյն օրը, երեկոյեան, կաթողիկոսը այցելեց Կորկան քաղաքը, ուր համայնքին պատասխանատուները պաշտօնական ճաշկերոյթով պատուեցին վեհափառ հայրապետը եւ իրեն ընկերացող հոգեւոր ու աշխարհական հիւրերը:
17 հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն Գորգատ Ս. Աստուածածին մատրան մէջ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ: Պատարագիչն էր Մակար եպս. Աշգարեան: Պատարագի ընթացքին, կաթողիկոսը իր հայրապետական պատգամին մէջ յատուկ կերպով անդրադարձաւ աստուածային սիրոյ մասին, ինչպէս նաեւ կարեւորութեամբ շեշտեց անոր հրամայականը ներկայ ժամանակներուն մէջ ապրող իւրաքանչիւր հաւատացեալի առօրեայ կեանքին մէջ: Ապա վեհափառը խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առնչուող կարեւոր շրջադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայ դատի եւ այդ ուղղութեամբ իւրաքանչիւր գաղութի, կազմակերպութիւններու ու միութիւններու նախաձեռնելիք աշխատանքներուն եւ պատասխանատուութիւններուն մասին:
Հանդիպումներ` Թեհրանի
Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
18 հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդարանի դահլիճին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս հանդիպում ունեցաւ թեմի կնոջական բոլոր միութիւններուն հետ: Հանդիպման ընթացքին վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ միասնական աշխատանքի կարեւորութեան, որ կը նպաստէ ընկերութեան կեանքի համերաշխութեան, զարգացման ու բարգաւաճման: Ան շեշտեց հայ կնոջ առանցքային դերը մշակութային, հոգեւոր, ազգային, կրօնական ու քաղաքական բնագաւառներուն մէջ:
Նոյն օրը, կէսօրին, Արամ Ա. կաթողիկոս տեսակցութիւն ունեցաւ Իրանի Միջկրօնական ու մշակութային յարաբերութեանց կեդրոնի տնօրէնին ու անոր հինգ օգնականներուն հետ: Կեդրոնի տնօրէնն ու անոր օգնականները իրենց գնահատանքը յայտնեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Իրանի միջեւ 15 տարի առաջ սկսած եւ շարունակուող երկխօսութեան համար: Անոնք շեշտեցին յիշեալ բաժանմունքի երկխօսութեան զարգացման: Արամ Ա. կաթողիկոս իր կարգին կարեւորութեամբ շեշտեց համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ կրօններու միջեւ տեղի ունեցող երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը եւ ընկերութիւնը յուզող տագնապներն ու մարտահրաւէրները միասնաբար դիմագրաւելու հրամայականը:
Դէպի Նոր Ջուղա ուղեւորութեան ընթացքին վեհափառը, ընկերակցութեամբ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, Մակար եպս. Աշգարեանի եւ Թեմական խորհուրդի ներկայացուցիչներուն, այցելեց Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան հիմնադիրին` այաթոլլահ Խոմէյնիի դամբարանը, ուր իր յարգանքը մատուցելով` ծաղկեպսակ զետեղեց:
Արամ Ա. Կաթողիկոս Նոր Ջուղայի Մէջ
Հոկտեմբեր 18-ին Արամ Ա. կաթողիկոս հասաւ Նոր Ջուղա, ուր Ս. Ամենափրկիչ վանքին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային խանդավառ ընդունելութիւն: Ս. Յովսէփ Արեմաթացի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Կանոնական աղօթք, որմէ ետք ներկաները ուղղուեցան դէպի Ապրիլեան նահատակաց յուշարձան, ուր ծաղկեպսակ զետեղելէ ետք խօսք առաւ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեան: Սրբազանը իր բարի գալուստի խօսքին մէջ լայնօրէն անդրադարձաւ կաթողիկոսին անսպառ ծառայութեան` հայ եկեղեցւոյ ու հայ ազգին:
Արամ Ա. կաթողիկոս իր պատգամին մէջ գոհունակութիւն յայտնեց Սպահանի հայ գաղութին Հայ եկեղեցւոյ ու մանաւանդ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան իրենց կապուածութեան համար: Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին` շեշտեց Հայաստանի մէջ իր կատարած հրապարակային յայտարարութեան կարեւորութիւնը, թէ՛ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Թուրքիոյ Սահմանադրական ու Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարաններուն դիմելով` դատ պիտի բանայ Թուրքիոյ դէմ, պահանջելով իր պատմական կեդրոնին` Սիսի կաթողիկոսարանին վերադարձը: Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ նման վճռորոշ քայլ մը անկիւնադարձային դէպք մը պիտի ըլլայ մեր պատմութեան մէջ, երբ առաջին անգամ ըլլալով հայ ժողովուրդը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ճամբով եւ օրինական կերպով իր եկեղեցապատկան կալուածները պիտի պահանջէ Թուրքիայէն:
Վեհափառ հայրապետին պատգամէն ետք Ս. Ամենափրկիչ վանքի թանգարանին առջեւ տեղի ունեցաւ աջահամբոյր:
Արամ Ա. Վեհափառին Այցելեցին Սպահան Նահանգի
Պետական Բարձրաստիճան Պատասխանատուները
19 հոկտեմբեր 2014-ի կէսօրին Ս. Ամենափրկիչ վանքին մէջ, պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, վեհափառ հայրապետին միասնաբար այցելեցին Սպահանի նահանգապետը, փոխնահանգապետը, կրօնապետը, ընդհանուր ապահովութեան պատասխանատուն, զօրավարն ու այլ պետական երեւելի դէմքեր, որոնք Արամ Ա. կաթողիկոսի ճաշի հիւրերը եղան: Անոնք ջերմօրէն ողջունեցին Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելութիւնը Սպահան եւ վեհափառ հայրապետին անձին ճամբով իրենց գնահատանքը յայտնեցին Սպահանի հայութեան: Նահանգապետը կարեւորութեամբ շեշտեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Իրանի միջեւ եղող գործակցութեան կապերը, որուն իր մեծ նպաստը կը բերէ կաթողիկոսը: Վեհափառ հայրապետը ողջունելէ ետք անոնց այցելութիւնը, մեծապէս գնահատեց Սպահանի հայութեան եւ նահանգապետութեան միջեւ եղող գործակցութիւնը: Ան շեշտեց այդ գործակցութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը` յիշեցնելով Սպահանի հայութեան բերած նպաստը Իրանի մշակոյթի առաւել ծաղկման:
Հանդիպման ընթացքին զանազան նիւթեր արծարծուեցան: Քննարկումի յատուկ առարկայ դարձան Միջին Արեւելքի ներկայ անցուդարձերը:
Նոյն օրը, առաւօտուն, Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ: Պատարագիչն էր Մակար եպս. Աշգարեան: Արամ Ա. կաթողիկոս հաւատացեալ ժողովուրդին յիշեցուց, թէ Աստուած Քրիստոսի ճամբով մեզի հետ եղաւ, երբ մարդը տակաւին անհնազանդութեան ընթացքին մէջ կը գտնուէր: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ` «Աստուած Քրիստոսի ճամբով մեզի հետ եղաւ, մենք այսօր արդեօ՞ք Քրիստոսի հետ ենք», եւ այս հարցադրումէն մեկնելով` կարեւորութեամբ շեշտեց կեանքի ընթացքին Աստուծոյ հետ ըլլալու, աստուածային պատուէրները կատարելու հրամայականը:
Պատարագէն անմիջապէս ետք վեհափառ հայրապետը այցելեց Նոր Ջուղայի ծերանոցը, ուր իր հայրական խօսքը ուղղեց ծերանոցին մէջ պատսպարուած ծերունիներուն:
Երեկոյեան վեհափառը նախագահեց Սպահանի հայոց թեմի Պատգամաւորական ժողովին: Ներկայ էին նաեւ թեմակալ երկու առաջնորդները: Ժողովի ընթացքին Թեմական խորհուրդին ատենապետը զեկուցեց թեմի գործունէութեան ու ապագայ աշխատանքներուն մասին: Ապա վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան առնչուած աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն մասին, յատկապէս` Ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ այդ ծիրին մէջ լայն բացատրութիւն տուաւ ժողովականներուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ բանալիք դատին գծով:
Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ներկայութեամբ Հայ Դպրոցի
Ու Հայ Մշակոյթի Դերը Դարձեալ Շեշտուեցաւ
20 հոկտեմբեր 2014-ին կաթողիկոսը այցելեց Նոր Ջուղայի Ազգային կրթահամալիր:
«Հայ դպրոցը իր հայակերտումի առաքելութեամբ միշտ կը մնայ առանցքը մեր ինքնութեան ու հզօրութեան», շեշտեց վեհափառ հայրապետը` Նոր Ջուղայի ազգային միացեալ վարժարաններու աշակերտութեան ուղղելով իր խօսքը: Շուրջ ժամ մը տեւողութեամբ, հայ վարժարաններու աշակերտները իրենց երգերով ու ասմունքներով խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեցին դպրոցի շրջափակին մէջ: Յաջորդաբար խօսք առին Ուսումնական խորհուրդի ատենապետն ու առաջնորդ սրբազանը: Իր օրհնութեան խօսքին մէջ վեհափառ հայրապետը, յիշեցնելով հայ դպրոցին վիճակուած առաքելութիւնը յատկապէս սփիւռքի ապահայացնող պայմաններուն մէջ: «Սփիւռքի դժուար պայմաններուն մէջ, ջարդերէն ետք, եկեղեցւոյ կողքին, հայ դպրոցը դարձաւ մեր գոյութեան ամրոցը: Հետեւաբար ամէն զոհողութիւն պէտք է կատարել հայ դպրոցը պահելու համար ու կենսունակ իր առաքելութեամբ»:
Ապա վեհափառ հայրապետը իրեն ընկերացող սրբազաններուն հետ ուղղուեցաւ դէպի Սուրբ Ամենափրկիչ վանք, ուր բացումը կատարուեցաւ վանքի վերանորոգուած ու վերադասաւորուած մատենադարանին:
Մատենադարանի մուտքին Թեմական խորհուրդին անունով Քարոլին Թիլանջեան խօսք առնելով` ողջունեց կաթողիկոսին ներկայութիւնը եւ ապա շնորհակալութիւն յայտնեց մատենադարանին նորոգման նիւթապէս սատարած հանգուցեալ Արենուշ Տէրեանին:
Այս առիթով ժողովուրդին ուղղած իր պատգամին մէջ վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Հայ մատենադարանը սովորական վայր չէ ու պէտք չէ դառնայ մեզի համար, որովհետեւ ան մեր ժողովուրդի հոգեմտաւոր ստեղծագործութիւնը պարունակող սրբազան վայր է: Երկիւղածութեամբ ու խոնարհութեամբ պէտք է մօտենալ հայ գիրքին: Հայ ժողովուրդի ինքնութեան պահպանման մէջ կարեւոր դեր ունեցաւ հայ գիրքը: Այս գիտակցութեամբ պէտք է մօտենալ հայ գիրքին»: Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառը ըսաւ. «Խորապէս մտահոգիչ է հայ գիրքի նահանջը մեր կեանքէն ներս: Սկսած է հայ գիրք գրողներու, գնողներու ու ընթերցողներու թիւը պակսիլ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ. որքան ալ ճարտարարուեստի ներկայ միջոցները լայն դիւրութիւններ ընծայեն գիրքի բովանդակութիւնը աւելի մատչելի դարձնելու իմաստով, գիրքը տարբեր իմաստ ու արժէք ունի միշտ»:

