50 Տարի Առաջ (23 Հոկտեմբեր 1964)
ԱՍՈՐՒՈՑ Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՃԵԶԻՐԷԻ
ՀԱՅՈՑ ՓՈԽԱՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Հասիչէի մէջ, Ճեզիրէի Ասորի Ուղղափառ համայնքի առաջնորդանիստ նորակառոյց եկեղեցւոյ օծումէն ետք, որուն հանդիսաւոր արարողութեանց ներկայ գտնուեցաւ շրջանիս առաջնորդական փոխանորդ Կորիւն վրդ. Գօճապապեան, Անտիոքի եւ Ամենայն Արեւելքի Ասորի Ուղղափառ եկեղեցիներու պատրիարք Եաղուպ Գ.ը այցելութեան եկաւ նաեւ Գամիշլիի իր հօտին, ուրբաթ, 9 հոկտեմբեր 1964-ի յետմիջօրէին:
Սոյն պարագան կանխաւ հաղորդուած ըլլալով հայոց առաջնորդարան` հայր սուրբը իր ժողովականներով, ինքնաշարժներու թափօրով մը գնաց մինչեւ Թըլ Մհամմետ կոչեցեալ, Գամիշլիէն 15 քմ. հեռաւորութեան մը վրայ գտնուող վայրը` դիմաւորելու համար քոյր եկեղեցւոյ սրբազան հովուապետը: Իրապէս բացառիկ շուքով ու ժողովրդային աննախընթաց խանդավառութեան մը մէջ էր, որ օրուան մեծ հիւրը մուտք գործեց քաղաք:
Յաջորդ օրը, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, երեք քահանայ հայրերու ընկերակցութեամբ, հայր սուրբը պաշտօնական այցի գնաց տեղւոյս ասորւոց փոխանորդարանը, ուր իջեւանած էր պատրիարքը, եւ յանուն համայնքին` բարի գալուստ մաղթեց անոր: Կիրակի, 11 հոկտեմբերին, ընկերակցութեամբ Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղականութեան անդամներուն, Կորիւն վարդապետ ներկայ եղաւ նորին սրբազնութեան պատարագին:
Երկուշաբթի կէսօրին, նախապէս տրուած ժամադրութեան մը համաձայն, պատրիարքը, առընթերակայութեամբ ասորի թեմակալ եպիսկոպոսներու, փոխադարձ այցելութիւն մը տուաւ Ճեզիրէի հայոց առաջնորդարանը, ուր մնաց աւելի քան մէկ ժամ: Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, ի ներկայութեան հայ եւ օտար երեւելի անձնաւորութեանց, հայր սուրբը արտասանեց բովանդակալից ճառ մը, որուն արաբերէն թարգմանութիւնը հուսկ կարդաց առաջնորդարանի քարտուղար Լեւոն Օրմանեան:
Իր ճառին մէջ փոխանորդ հայր սուրբը, բարի գալուստի սիրալիր խօսքերէն ետք, նախ ընդգծեց այն եղբայրական կապերը, որոնք գոյութիւն ունեցած են հայ եւ ասորի եկեղեցիներու միջեւ պատմութեան ընթացքին, եւ ապա յայտնեց իր ուրախութիւնը, թէ պատրիարքը Գամիշլի կատարած իր այցով տեղական իսլամական եւ քրիստոնէական համայնքները ի մի բերելու գեղեցիկ առիթը ընծայած էր. այնուհետեւ շնորհակալութիւն յայտնեց այս երջանկաբեր այցելութեան համար: Իսկ յանուն Ճեզիրէի հայութեան` հայր սուրբը կատարեց նաեւ արեւշատութեան եւ բեղուն գահակալութեան մը սրտեռանդ մաղթանքներ:
Պատրիարքը խորապէս զգացուած, ինք ալ իր կարգին խօսք առնելով, շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ուղղուած ազնիւ արտայայտութեանց համար:
Պատրիարքը առաջնորդարանի մուտքին ու բակին մէջ արժանացաւ նաեւ միջնակարգ վարժարանի աշակերտութեան, սկաուտներուն, արծուիկներուն եւ դպրաց դասին ու յատկապէս հաւատացեալ բազմութեան մեծարանքի խանդավառ արտայայտութեանց, որոնցմով մեծապէս տպաւորուած ու բարձր տրամադրութեան մէջ բաժնուեցաւ հայոց առաջնորդարանէն` տանելով իրեն հետ քաղցրագոյն յիշատակներ:
ԹՂԹԱԿԻՑ
14 հոկտեմբեր 1964
Գամիշլի – Ճեզիրէ

