Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ձեզի պիտի վստահուի նոր աշխատանք մը, որուն վերաբերեալ պիտի կատարէք պրպտումներ եւ ընթերցումներ: Դժուար գործ մի՛ նկատէք այս աշխատանքը:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր գործին վերաբերեալ նոր անձերու հետ գործ պիտի ունենաք: Մի՛ կարծէք, որ դժուար պարտականութիւն մը ունիք: Թեթեւի առէք, որ յաջողիք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Անցան ամառնային թոյլ կամ բեռնաւորուած օրերը: Հիմա նոր վերամուտ, նոր աշխատանք եւ նոր տեսակցութիւններ, նոր դէմքեր` ձեր դիմաց: Ուրախ եղէք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Պատասխանեցէք ձեր ստացած նամակին: Անտարբեր մի՛ մնաք ձեզի վերաբերեալ աշխատանք մը կատարելու: Սիրով իրագործեցէք ձեր պարտականութիւնը:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Թեթեւ անհանգստութիւն մը պիտի պղտորէ ձեր միտքը: Բժիշկին դիմեցէք ձեր մտահոգութիւնը փարատելու համար: Պարզամիտ եղէք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ունիք զօրաւոր ներզգայնութիւն, պիտի հասկնաք ձեր շուրջիններուն լաւ կամ վատ տրամադրութիւնը: Ձեր այս ձիրքը օգտակար պիտի ըլլայ ձեզի:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ներողամտութիւնը օգտակար տրամադրութիւն մըն է, որով պիտի կարենաք ուշադրութիւնը գրաւել ձեր շուրջիններուն: Ձեր օգնութեան դիմողներ պիտի ունենաք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Բարեկամական շրջանակի մէջ պիտի լսէք բամբասանք` կարգ մը անձերու հասցէին:  Կարեւորութիւն մի՛ տաք աւելորդ շատախօսութիւններուն: Պարկեշտ եղէք ընկերային կեանքի մէջ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ունիք կարողութիւններ իրագործումներու, նոյն ատեն նախանձի զգացում մը կը գունատեցնէ ձեր խառնուածքը: Սրբագրեցէք այս գիծը:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Համակերպեցէք բախտին հանգրուանային վերիվայրումներուն: Կեանքն այդպէս է, արեւ ու անձրեւ: Մի՛ գանգատիք, այլ մնացէք խաղաղ, սիրով:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Նոր դէմքերու ծանօթացումը ձեզ պիտի մղէ հետաքրքրուելու տարբեր մշակոյթներով: Մտային ձեր հորիզոնները պիտի զարգանան, նորութիւնը կրնայ նոր ուղղութիւններու առաջնորդել:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր տրամադրութիւնը տեղը չէ, լսած էք անհաճոյ խօսքեր` ձեր հասցէին: Մի՛ պրպտէք ինչուներով: Սուտը շուտով կը յայտնուի: Հանդարտ մնացէք, մի՛ պատասխանէք լարուած տրամադրութեամբ:

Share this Article
CATEGORIES